2013-08-05 10:03:27

Ռուհանի Կոչ Կ՛ուղղէ Պատժամիջոցները Ջնջելու Եւ Թեհրանի Հետ Յարգանքով Վարուելու


Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ երդման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Արեւմուտքին կոչ ուղղեց Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջելու եւ Թեհրանի հետ յարգանքով վարուելու:
Ան խօսքը Արեւմուտքին ուղղելով յայտնեց, որ «եթէ յարմար պատասխան մը կ՛ուզէք, ապա պէտք չէ պատժամիջոցներու լեզուով խօսիք, այլ` յարգանքի լեզուով»:
Ան խորհրդարանին յայտնեց, որ «բոլոր անոնք, որոնք քուէարկեցին ի նպաստ ինծի կամ ուրիշին, կամ բնաւ չքուէարկեցին, բոլորն ալ իրանցի քաղաքացիներ են եւ քաղաքացիի իրաւունքներ ունին»:
Ռուհանի ըսաւ, որ ժողովուրդը չափաւորականութեան եւ յոյսին ի նպաստ քուէարկած է: Ան խոստացաւ կիներու իրաւունքներն ու ազատութիւնները յառաջ մղել եւ մարդոց կեանքին մէջ կառավարութեան միջամտութիւնը նուազեցնել:
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ Ռուհանիի երդումի արարողութեան ներկայ էին օտար 11 երկիրներու նախագահներ, որոնց շարքին` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման:
Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Իրանի հիմնական դաշնակից մը պիտի ըլլայ, եթէ անոր նոր կառավարութիւնը իր միջազգային պարտաւորութեանց նկատմամբ «լրջութիւն» ցուցաբերէ:
Նշենք, որ Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիր, որ Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ մարդկութեան դէմ ոճիրներու ամբաստանութեամբ փնտռուած է, չկրցաւ ներկայ գտնուիլ երդման արարողութեան, որովհետեւ Սէուտական Արաբիա մերժեց անոր օդանաւին իր օդային տարածքին մէջ թռիչք կատարելու արտօնութիւն տալ: Պաշիր ստիպուեցաւ Խարթում վերադառնալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.