2013-08-05 10:07:49

Լիբանան - «ՈՎԱՍԻՍ» Ամառնային Ծրագիրի 15 Ամեակ


Հաճելի Եւ Ուրախ Քերմէս Եւ Լիբանանահայ Երգիչներու Մասնակցութեամբ Ժողովրդային Երգահանդէս։

Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին, 2 եւ 3 Օգոստոս 2013-ին, վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» ամառնային ծրագիրի 15-ամեակին առիթով Քերմէս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հարիւրաւոր մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ եւ ծնողներ: Քերմէսին մասնակիցները խաղերու, երաժշտական ու կախարդականներ կայացումներու եւ բազմատեսակ աշխատանքներու ընդմէջէն անցուցին հաճելի, ուրախ ու անմոռանալի պահեր: Քերմէսին տեղի ունեցաւ նաեւ մանուկներու յատուկ ճաշերու պատրաստութիւն եւ պարային ցուցադրութիւններ:
Քերմէսը փակուեցաւ ժողովրդային երգահանդէսով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ երգիչներ Հրաչ Կայծակեան, Վիգէն Տիշչէքէնեան, Գարմէն Աճէմեան, Լիզա Սվաճեան, Մանուկ Մինասեան եւ Շաքէ Պաղտասարեան: Երգիչներուն կ՛ընկերակցէր Սեդօ Պաղտասարեան:
Երգիչները ժողովրդական, օտար թէ հայրենասիրական երգերով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ եւ արժանացան ներկաներու ծափահարութիւններուն: Երգահանդէսին բեմավարն էր պրն. Վարդան Ազնաւուրեան, որ նկատեց, թէ «Ովասիս»ի 15-ամեայ երթը հարուստ է բեղուն յաջողութիւններով եւ այս Քերմէսը «Ովասիս»ի աշխատանքներուն կու տայ նոր ուղղութիւններ: Պրն. Ազնաւուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ երգիչներուն, հովանաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան Քերմէսին եւ երգահանդէսին յաջողութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.