2013-08-03 08:31:32

Յուլիսին Հայաստանի Մէջ Վերապատրաստուած Են Սփիւռքահայ 26 Ուսուցիչներ


ԵՐԵՒԱՆ,Երեւանի թիւ 2 տարածաշրջանային պետական քոլեճին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներու մէկամսեայ վերապատրաստման 2013ի ծրագիրի փակման եւ վկայականներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն փոխանցած են, որ մասնակիցները ողջունած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մանուկ Մկրտչեանը, որ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ուսուցիչներուն, նշած է, թէ գովելի պիտի ըլլայ, եթէ վերջիններս իրենց մասնագիտական եւ մանկավարժական փորձառութիւնը փոխանցեն Հայաստանի իրենց գործընկերներուն: «Ոչ միայն դուք, այլ նաեւ մենք ձեզանից սովորելու շատ բան ունենք», հաստատած է նախարարի տեղակալը՝ կոչ ուղղելով տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներուն աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն բերելու վերապատրաստման դասընթացներուն:
Այս տարի Հայաստանի մէջ վերապատրաստուած են 26 ուսուցիչներ աշխարհի 13 երկիրներէ՝ Ռուսիայէն, Իրանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Սուրիայէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Գերմանիայէն, Լաթվիայէն, Պուլկարիայէն, Ուրուկուէյէն, Քանատայէն։ Ռուսիայէն մասնակցած են 6 տարբեր կրթօճախներու ներկայացուցիչներ: Ուսուցիչները վերապատրաստուած են հինգ ուսումնական խումբերու բաժնուելով՝ մանկապարտէզի, միօրեայ դպրոցներու, դպրոցներու կառավարման, լրացուցիչ կրթութեան կազմակերպման, լրացուցիչ կրթութեան կազմակերպման վերապատրաստողներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.