2013-08-03 08:14:47

Ճամբորդելու Զգուշացում՝ Ամերիկացիներուն


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ, Օգոստոս 2ին կոչ ըրաւ Օգոստոս ամսուան ընթացքին ճամբորդող քաղաքացիներուն եւ երկրէն դուրս ապրող ամերիկացիներուն, որ աւելի զգոյշ ըլլան իրենց ճամբորդութեանց ընթացքին, որովհետեւ տեղեկութիւններ կան, թէ «Քայիտա»ն ամերիկացիներու դէմ ահաբեկչական արարքներ կը ծրագրէ՝ փոխադրամիջոցներու դէմ կամ զբօսաշրջային վայրերու մէջ:
Ըստ նախարարութեան տուեալներուն՝ նման յարձակում մը հաւանական է յատկապէս Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի ու Կեդրոնական Ասիոյ մէջ: Նախարարութիւնը նաեւ որոշած է նշեալ վայրերուն մէջ ամերիկեան գրեթէ բոլոր հիւպատոսարաններն ու դեսպանատուները փակել այս շաբաթավերջին: Այդ վայրերուն մէջ դեսպանատուները սովորաբար փակ կը մնան Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը, սակայն Կիրակի օրը աշխատանքի օր է:








All the contents on this site are copyrighted ©.