(Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ, Կռանեանի գիրքէն) (շարունակութիւն)
Ընկերաբաններու
մշակած տեսութիւններէն է նաեւ Դրապաշտոթիւնը (Positivisme): Դրապաշտութեան հիմնադիր`ֆրանսացի
փիլիսոփայ Օկիւստ Քոնթի համաձայն, կրօնի գիտակցումը մարդուն մէջ հետեւեալ ձեւով յառաջացած
է. -Նախամարդը չկարենալով բնութեան ուժերը բացատրել բնական ու գիտական միջոցներով,
զանոնք աստուածացուցած է, զանոնք պատկերաց-նելով մարդու կերպարանքին ու ձգտումերուն համեմատ:
Մարդ ինքզինք իբր տիպար առնելով, կրօնն ալ իր պատկերին վրայ ձեւաւորած է: Ըստ դրապաշտութեան,
այս ձեւաւորումը դարերու ընթացքին փոփոխուե-լով անցած է երեք հանգրուաններէ: Կրօնական
հանգրուան (religieux ) - Մարդը ֆեթիշիզմէն, այսինքն` քարի, խեցիի ինչպէս նաեւ բնապաշտական
հանգրուանները անցնելով հասած է յունահռոմէական բազմաստուածութեան քաղաքակիրթ հանգրուանին,
ուր մարդը աստուածացնելէ ետք, աստուածները կրկին մարդացուցած է: Բնազանցական հանգրուան
(métaphysique) – Մարդը բազմաստուա-ծութենէն անցած է միաստուածութեան, յղանալով «գերագոյն
պատճառ»ի գաղափարները: Այս երկրորդ հանգրուանին կը պատկանին հրէական, քրիստոնէական, իսլամական
եւ Ծայրագոյն Ասիոյ բնազան-ցական կրօնները: Դրապաշտական հանգրուան (positive)- Մարդը
միաստուածութենէն անցած է Աստուծոյ ժխտումին: Դրապաշտութեան կամ արդի հանգրուա-նի մարդը,
տիեզերքի գոյութիւնը բացատրելու համար, այլեւս կը դիմէ միայն գիտութեան: Սակայն չի
բաւեր իմաստասէրի մը տրամաբանութիւնը, թէ Գիտութիւնը ամէն բանի լուծումն է, կամ թէ ժողովուրդները
կրօնին այլեւս պէտք չունին: Օկիւստ Քոնթէն հարիւ տարի անց, Գիտութիւնը իր սահմանափակում-ները
ճանչցաւ, կրօնն ալ կը շարունակէ թէ' իր գոյութիւնը եւ թէ' իր նոյն հարցականները. ո՞վ
ենք մենք, ուսկի՞ց ենք, աշխարհը ինցպէ՞ս գոյութիւն ունի: Այս հարցումին վերջին պատասխանը`
Գիտութիւնը հետեւեալ ձեւով ներկայացուցած է. Աշխարհ ծնունդ առած է զօրաւոր պայթումէ մը,
որ կը համապատասխանէ Աստուածաշունչի նկարագրած վեցօրեայ արարչագործութեան, հոն ուր Ս.
Գիրքը կ'ըսէ.- Աստուած ըսաւ` թող լոյս ըլլայ եւ լոյս եղաւ (Ծնն. 1, 3):