2013-08-03 08:21:53

Իրանի Նորընտիր Նախագահի Երդման Արարողութեան Պիտի Մասնակցին 52 Երկիրներու Ներկայացուցիչներ


Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Արաքճի յայտնած է, թէ Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման արարողութեան պիտի մասնակցին 52 երկիրներու ներկայացուցիչներ: Նշենք, որ անոնց շարքին են Հայաստանի եւ Լիբանանի նախագահները:
«Երդման արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին 11 նախագահներ, 8 փոխնախագահներ, 2 վարչապետներ, 7 խորհրդարանականներ, 11 արտաքին գործոց նախարարներ», ըսած է ան:
Արաքճի ընդգծած է, որ 12 երկիրներու պատուիրակութիւններու կազմերը տակաւին չեն յստակացած` աւելցնելով, որ թէեւ որոշ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ երդման արարողութեան ներկայ գտնուելու փափաք յայտնած են, սակայն Իրան այլեւս մասնակիցներ չի կրնար ընդունիլ` դահլիճին մէջ տեղերու սահմանափակ ըլլալուն պատճառով:








All the contents on this site are copyrighted ©.