2013-08-03 09:41:12

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը Թիւերով։


Միջազգային մամուլը բազմաթիւ յօդուածներով, մեկնաբանութիւններով ու վերլուծումներով կը շարունակէ անդրադառնալ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Պրազիլ կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին, ինչպէս նաեւ Հռոմի Յիսուսեաններուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցած ս. պատարագին եւ Յիսուսեան հայրերու հետ ունեցած հանդիպումին մասին։
Պրազիլեան մամուլը յատկապէս կը շարունակէ անդրադառնալ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան մասին, Սրբազան Քահանայապետի այցելութուններուն, քարոզներուն ու ճառերուն ի յայտ դնելով առաջին հաշուետուութիւն մը։
Արդարեւ մի քանի օրեր առաջ Ռիոյի առաջնորդ` Գերապայծառ Թեմբեսդան ներկայացուց վիճակագրութիւն մը որ լայն անդրադարձ ունեցաւ բազմաթիւ մանրամասնութիւններով։
Երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրը հիւրընկալող թեմի առաջնորդը յայտնեց թէ Գոբագապանայի մէջ աւելի քան 3,7 միլիոն մարդիկ հաւաքուած էին ծափողջունելու Սրբազան Քահանայապետը։ Գոբագապանայի ծովափը բնաւ այնքան մարդիկ չէ տեսած` խաղաղասէր, երջանիկ ու յանձնառու լաւագոյն աշխարհ մը կերտելու։
Կազմակերպիչներու տուեալներու համաձայն Գոբագապանայի ծովեզերքը երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ բացման արարողութեան առթիւ հաւաքուած էին 600 հազար երիտասարդ մինչ Քահանայապետի բարի գալուստի արարողութեան ներկաներուն թիւը հասաւ 1,2 միլիոնի։ Ճանապարհ Խաչի արարողութիւնը տեսաւ 2 միլիոն երիտասարդներու մասնակցութիւնը իսկ աղօթքի հսկումի երեկոյթին ներկայ էին 3,5 միլիոն հաւատացեալներ։ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան փակման պատարագին մասնակցեցան 3,7 միլիոն հաւատացեալներ ։
Անոնց մէջ կային 175 երկիրներէ եկած 427 հազար ուխտաւորներ։ Այցելուներու մեծամասնութիւնը եկած էր Պրազիլէն, Արժէնթինայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Չիլիէն, Իտալիայէն, Վենէզուելայէն, ֆրանսայէն, Բերուէն եւ Մեքսիքայէն։ Մանսնակցողներուն 55 տոկոսը կիներ էին։
800 գեղարուեստագէտներ իրենց նպաստը բերին գլխաւոր ներկայացումներուն ընթացքին։ 60 հազար կամաւորներ սատարեցին օգնութեան հասնելու ուխտաւորներուն։ 57 երկիրներէն եկած 6.500 հաւատարմագրուած լրագրողներ հաղորդումներ կատարեցին միջազգային մամուլին։ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան իրենց մասնակցութիւնը բերին 7.814 քահանաներ, 644 եպիսկոպոսներ եւ 28 կարտինալներ։ 100 խոստովարաններ հաստատուած էին եւ շուրջ 4 միլիոն հաւատացեալներ ապաշխարհութեան խորհրդին մօտեցան։
Ռիօ քաղաքի մաքրութեան պատասխանատուներու գնահատումով Երիտասարդութեան համաշխարհային շաբաթուան ընթացքին 390 թոն աղբ հաւաքուած է, 10 տոկոսով պակաս քան վերջին ամավերջի երեկոյթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.