2013-08-03 09:35:49

''Եթէ Միջին Արեւելքը Քրիստոնեաներէն Պարպուի, Համաշխարհային Քաղաքակրթութիւնը Մեծապէս Պիտի Վնասուի'' - Ըսաւ Կիւրեղ Ա. Պատրիարքը։


Համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը, անցեալ յունիսին զօրակցութեան կոչ ուղղած էր սուրիացի քրիստոնեաներուն ի նպաստ, խնդրելով որ Ռուսիոյ բոլոր ժողովրդապետութիւններուն մէջ կիրակի 30 յունիսին դրամահաւաք մը կազմակերպուի որուն արդիւնքով 1,3 միլիոն տոլար հաւաքուած է եւ որ պիտի ուղարկուի Անտիոքի Պատրիարքին, որուն աթոռը Դամասկոսի մէջ կը գտնուի։

Յայտնենք որ ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն ամէն ամիս շուրջ 5 հազար հոգիներ կը սպաննուին Սուրիոյ մէջ։ Երկու տարուայ ընդհարումին ընթացքին շուրջ 100 հազար մարդ մահացած են։ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքի յանձանախումբի պատասխանատուի գնահատումով աւելի քան հարիւր միլիառ տոլար հարկաւոր են Սուրիոյ վերաշինութեան համար։

Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը կը շարունակուի, երկիրը քարուքանդ եղած է, տեղահան ու գաղթական սուրիացիներու թիւը մէկ միլիոնը գերազանցած է։ ''Սուրիա հարուածող ողբերգութիւնը կը վտանգէ յատկապէս քրիստոնեաներու ներկայութիւնը'', յայտարարած են օրթոտոքս եկեղեցւոյ պետերը, որոնք անցեալ օրերրուն Մոսկուա կը գտնուէին տօնախմբելու Ռուսիոյ քրիստոնէացման 1025-րդ տարեդարձը։
Եթէ Միջին Արեւելքը քրիստոնեաներէն պարպուի, համաշխարհային քաղաքակրթութիւնը մեծապէս պիտի վնասուի, ըսած է Կիւրեղ պատրիարքը, ընդգծելով որ Միջին Արեւելքը աղբիւրն է քրիստոնէական կրօնին։

Օրթոտոքս Եկեղեցապետրը հաղորդագրութիւն մը հրատարակած են որուն մէջ կը գրեն` ''քրիստոնեաները ամենուրէք հալածուած են'', ու կը մատնանշեն թէ ''քրիստոնեաներու դէմ հալածանքն ու սպաննութիւները կը կատարուի երկրագունդի զանազան վայրերու մէջ, ինչպէս` Նիճերիա, Փաքիստան, Աֆղանիստան, Հնդկաստան, Քոսովօ, ուր քրիստոնեայ սրբավայրերը պղծուած են, եկեղեցիները աւերի մատնուած ու բազմաթիւ հաւատացեալներ հարստահարուած։ Միջին Արեւելքը մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ օրթոտոքս եկեղեցապետերու, քանի այդ աշխարհաշրջանի շատ մը երկիրները թիրախ են բռնութեան ու ահաբեկչութեան, որուն առաջին զոհերը քրիստոնեաներն են։ Լիպիոյ մէջ գրեթէ քրիստոնեայ չմնաց, Իրաքի մէջ ահաբեկչական արարքները մշտատեւ են եւ քրիստոնեայ հասարակութեան 90 տոկոսը արդէն գաղթած է, Եգիպտոսի կացութիւնը միշտ աւելի մտահոգիչ է ու քրիստոնեաները մեծաթիւ կը գաղթեն։

Մինչ Սուրիոյ մէջ ներկայիս կացութիւնը խստիւ ողբերգրական է, եղբայրասպան պատերազմին հետեւանքով քրիստոնեաներու դէմ մեծ ջարդ կը կատարուի։ Ընդդիմադիր խումբերը տմարդի բոլոր միջոցները կը գործածեն իրենց նպատակին հասնելու համար։ Մոլեռանդ ծայրայեղները չեն քաշուիր նախատելէ կրօնապետերը, որ աւանդաբար յարգուած են Արեւելքին մէջ։ Օրթոտոքս եպիսկոպոսները ցաւ կը յայտնեն որ միջազգային մամուլը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ քաղաքական մարդիկ, լուռ կը մնան յաչս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ողբերգութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.