2013-08-02 10:58:47

Սնոուտըն Ռուսիոյ Մէջ Ապաստան Ստացաւ


«Էսոշիյէթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի ռուս փաստաբաններէն մէկը յայտնած է, որ Սնոուտըն Ռուսիոյ մէջ մէկ տարուան համար ապաստան ստացած է եւ հեռացած Մոսկուայի օդակայանէն:
Անաթոլի Քուչերենա յայտնեց, որ Սնոուտընի փաստաթուղթերը երէկ իրեն փոխանցուած են: Սնոուտըն հեռացած է օդակայանէն, ուր 23 յունիսին Հոնկ Քոնկէն ժամանելէն ի վեր կը մնար:
Քուչերենա ըսաւ, որ Սնուոտընի գտնուած վայրը ապահովական նկատառումներով գաղտնի պիտի պահուի:
Միացեալ Նահանգներ պահանջեցին, որ Ռուսիա Սնուոտընը հայրենիք ուղարկէ` լրտեսութեան ամբաստանութեամբ դատավարութեան ենթարկուելու համար, սակայն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մերժեց այդ պահանջը:







All the contents on this site are copyrighted ©.