2013-08-02 10:12:52

Երեւանի Մաշտոցեան Պետական Մատենադարանի Աշխատակիցներ Զմմառու Մէջ։


Լիբանան - Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան մեծաւոր` Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ 30 յուլիս թուակիր նամակով կը տեղեկացնէ թէ վերջերս ''սկիզբ առած են Զմմառու վանքի չցուցակագրուած ձեռագիրներու նկարագրութեան եւ ձեռագրացուցակի պատրաստութեան աշխատանքները, ըստ Մաշտոցեան Մատենադարանի և Զմմառու վանքի միջեւ ստորագրուած գործակցութեան այն համաձայնագրին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Պրն. Նախագահի Զմմառու վանք անդրանիկ այցելութեան առիթով կնքուեցաւ 27 Նոյեմբեր 2012-ին, Երեւանի Մաշտոցեան Պետական Մատենադարանի Տնօրէն Տիար Հրաչեայ Թամրազեանի և Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Ընդհանուր Փոխանորդ Գերպծ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի կողմէ: ''

Նամակին մէջ կը նշուի նաեւ թէ ''Միաբանութիւնս 26 Յուլիս 2013-էն մինչեւ 9 Օգոստոս 2013, Զմմառու վանքին մէջ սիրով հիւրընկալած է Մաշտոցեան Մատենադարանի ձեռագրերու հետազօտական հիմնարկի եօթը մասնագէտներ, որոնցմէ մաս մը կը զբաղին ձեռագիրներու նկարագրութեան աշխատանքով, առաջնորդութեամբ իրենց պատասխանատու՝ Մաշտոցեան Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ
Պրն. Գէորգ Տէր-Վարդանեանի:

Տակաւին չնկարագրուած Զմմառեան 1072 ձեռագրերու թուայնացուած CD-ներուն օրինակները պատճէնահանուեցան համակարգչային տարողունակ կրիչի (External Hard Drive) վրայ, և այդ կրիչը յանձնուեցաւ Պրն. Գէորգ Տէր-Վարդանեանին, որպէսզի աշխատանքը կարելի ըլլայ յետագային շարունակել և ամբողջացնել Երեւանի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.