Գրիգոր եպս. Գուսան այցելեց Ղպտի Թաուատրոս Բ. Պապին
Չորեքշաբթի, 31 յուլիս 2013-ին, Ղպտի Թաուատրոս Բ. Պապը ընդունեց Աղեքսադրիոյ հայ կաթողիկէ
թեմի առաջնորդ արհի. հայր Գրիգոր եպս. Գուսանը եւ Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի դեսպան տոքթ.
Արմէն Մելքոնեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կաթողիկէ եւ ուղղափառ Եկեղեցիներուն
միջեւ յարաբերութիւնները եւ գործակցութեան առաւել եւս սերտացնելու հնարաւորութիւնները,
ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի ընկերային եւ քաղաքական տագնապալի իրավիճակը:
Հայաստանի
դեսպանը իր կարգին Ղպտի Պապին փոխանցեց Հայաստան այցելելու եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց
կաթողիկոսին հետ հանդիպելու հրաւէր մը: Ղպտի պապը սիրով ընդառաջեց հրաւէրին եւ փափաք
յայտնեց այցելելու Հայաստան եւ մօտէն ծանօթանալու Հայ Եկեղեցւոյ:
Դեսպան Մելքոնեան
պապին նուիրեց հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին մասին հատորներ, ինչպէս նաեւ հայկական ու
եգիպտական դրօշները խորհրդանշող արծաթեայ յուշապնակ մը, որ յատուկ կերպով պատրաստուած
է հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու 20 ամեակին առթիւ:
Նշենք, որ արհի. Գրիգոր
եպս. Գուսան նախապէս այցելած էր Ղպտի Թաուատրոս Բ. Պապին, զինք շնորհաւորելու համար իր
գահակալութեան առթիւ: