2013-08-01 11:43:20

Սինոփի Մէջ Գտնուեցաւ Սնտուկ Մը, Որ Կը Կարծուի Քրիստոսին Պատկանած Ըլլալ


«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ երէկ թրքական մամուլին մէջ հրապարակուած է «Քրիստոսի սնտո՞ւկն է արդեօք» խորագիրով լուր մը, ըստ որուն, Սինոփի Պալաթլար եկեղեցւոյ մէջ չորս տարիէ ի վեր շարունակուող պեղումները անակնկալ հարուստ արդիւնք մը տուած են. գտնուած է քարէ տուփ մը, որ լեցուն է արժէքաւոր մասունքներով, խաչի կտորներով եւ որ կը կարծուի, թէ Քրիստոսի սնտուկն է կամ դագաղը:
Յիշեցնենք, որ Աւետարանը կը նշէ, որ Քրիստոս պատանքի մէջ փաթթուելով թաղուեցաւ եւ ոչ թէ դագաղի մէջ:
Պեղումներու խորհուրդի նախագահ փրոֆ. Կիւլկիւն Քէօրօղլու բացատրութիւններ տուաւ գտնուած սնտուկին մասին եւ ըսաւ, որ ասիկա չորս տարիներէ ի վեր շարունակուող պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուածներուն ամէնէն թանկագինն է: Սնտուկին մէջ պահուած են սուրբ մասունքներ, հոն կան նաեւ խաչի բեկորներ, որոնք կը կարծուի, թէ Քրիստոսի խաչին կը պատկանին:
Ան աւելցուց, որ չորս տարիէ ի վեր աշխատանք կը տարուի, ու մինչեւ այսօր յայտնաբերուեցան մօտաւորապէս հազար կմախքներ: Կը կարծուի, որ այս եղանակին պիտի ստացուի ամէնէն բարեբեր արդիւնքը: Պեղումները կը շարունակուին:
Իսկ Սինոփի կուսակալ Եաւուզ Սելիմ Քէօշկեր ըսաւ, որ ինք եւս այցելած է պեղումներու վայրը եւ մօտէն քննած յայտնաբերուած սնտուկը: «Այս բոլորը Սինոփի պատմութեան համար շատ արժէքաւոր գիւտեր են եւ պիտի քաջալերեն զբօսաշրջութիւնը», յայտնեց կուսակալը:







All the contents on this site are copyrighted ©.