2013-08-01 11:26:50

Եգիպտական Կառավարութիւնը Կը Հրամայէ Գահիրէի Մէջ Իսլամականներու «Անընդունելի» Նստացոյցերը Ցրուել


Իսլամականներու «Անընդունելի» Նստացոյցերը Ցրուել
Եգիպտոսի նախարարաց խորհուրդը երկրին ներքին գործոց նախարարութեան պարտականութիւն տուաւ Գահիրէի մէջ իսլամականներու նստացոյցերը ցրուելու` յայտնելով, որ անոնց շարունակումը «այլեւս դադրած է ընդունելի ըլլալէ»:
Կառավարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ (Ռապիա Ատուիյա եւ Նահտա հրապարակներուն վրայ) «վտանգաւոր կացութեանց շարունակումը եւ անոնց հետեւող ահաբեկչական արարքներն ու ճամբաներու փակումը այլեւս դադրած են ընդունելի ըլլալէ»` աւելցնելով, որ որոշուած է այդ վտանգներուն վերջ տալու առնչութեամբ միջոցառումներ որդեգրել եւ ներքին գործոց նախարարին պարտականութիւն տրուած է «օրէնքի ծիրին մէջ այդ հարցով անհրաժեշտ որոշումները որդեգրելու»: Նշենք, որ Եգիպտոս երէկ Իսլամ եղբայրներու ընդհանուր առաջնորդը դատարան փոխանցեց:
Քեթրին Էշթըն վստահեցուց, որ Եւրոպական Միութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթին վերադարձը եւ բոլոր տեսակի բռնարարքներու մերժումը, եւ այդ մէկը եգիպտացի պաշտօնատարներուն յայտնած է:
Աւելի ուշ, Էշթընի բանբերը յայտարարեց, որ ան պատրաստ է Եգիպտոս վերադառնալ օժանդակելու համար տագնապի լուծման:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ըսաւ, որ Անգարա պատրաստ է Եգիպտոսի մէջ փոխանցման հանգրուանը ամբողջացնելու եւ իշխանութիւնը ընտրովի իշխանութեան մը փոխանցելու ձգտող բոլոր տեսակի նախաձեռնութեանց աջակցութիւնը ամրապնդելու:
Եգիպտոսի նախագահի խորհրդական Սաքինա Ֆուատ յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներու դեսպանը փորձեց Եգիպտոսի մէջ փաքիստանեան բնորդը կիրարկել, սակայն ժողովուրդն ու բանակը սիոնա-ամերիկեան ծրագիրը տապալեցին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.