2013-08-01 09:45:59

«Կոմիտասեան Քառաձայն Սուրբ Պատարագ»-ի Խտասալիկի Ներայացում Պորպենքի Մէջ


Հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի երկսեռ դպրաց դաս երգչախումբի կատարողութեամբ, ղեկավարութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի, դաշնաւորումով եւ երաժշտական այլ գործիքներու ընկերակցութեամբ Մաժակ Թօշիկեանի, «Կոմիտասեան Քառաձայն Սուրբ Պատարագ»-ի երգեցողութեան խտասալիկը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուի հանրութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Օգոստոս 15-ին, երեկոյեան ժամը 8ին, առաջնորդարանի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ: Այս առիթով, Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեան բացատրութիւններ պիտի տայ խտասալիկի պատրաստութեան եւ բովանդակութեան մասին. պիտի ունկնդրուին նաեւ կարգ մը բաժիններ սոյն խտասալիկէն:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.