2013-07-31 10:33:05

Նախագահ Սարգսեան Պիտի Մասնակցի Ռուհանիի Երդմնակալութեան


Իրանի խորհրդարանի արարողակարգի բաժանմունքի ղեկավար Մոհամետ Եասրեպի «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շուրջ տասնեակ մը այլ պետութիւններու ղեկավարներուն հետ 4 օգոստոսին պիտի մասնակցի Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի երդմնակալութեան արարողութեան:
Ըստ Եասրեպիի, արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Փաքիստանի, Աֆղանիստանի, Լիբանանի, Ղազախստանի, Հիւսիսային Քորէայի, Թուրքմենիստանի, Կինէա-Պիսաուի եւ Տաճիկիստանի նախագահները, երեք պետութիւններու, որոնց շարքին` Սուրիոյ վարչապետները, Ռուսիոյ, Ալճերիոյ, Ազրպէյճանի, Օմանի, Քոնկոյի խորհրդարաններու նախագահները, վեց պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներ, շարք մը յատուկ հիւրեր, մասնաւորաբար` ՄԱԿևի ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուցիչը:
Այսուհանդերձ, «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ իրանցի պաշտօնեան ընդգծած է, որ հիւրերու վերջնական ցուցակը յայտնի պիտի դառնայ մինչեւ հինգշաբթի:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմը Իրանի նախագահին երդմնակալութեան արարողութեան Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեան վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւն առայժմ չէ տարածած:







All the contents on this site are copyrighted ©.