2013-07-31 10:46:54

Յիսուսեան Միաբանութեան Հիմնադիր Սուրբ Իգնատիոս Տէ Լոյոլայի Տօնը


Այսօր չորեքշաբթի 31 յուլիսին Յիսուսեան Միաբանութեան Հիմնադիր` Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի Տօնն է։ Յիսուսեան միաբանութիւնը քահանայապետական իրաւասութեամբ կրօնական հաստատութիւն մըն է հաստատուած Պօղոս Գ Քահանայապետի օրով` 27 սեպտեմբեր 1540 թուականին։ Կղեմէս ԺԴ-ը 1773-ին միաբանութիւնը կ՛ առկախէ եւ 1814-ին Պիոս Ը քահանայապետը կը վերահաստատէ զայն եւ Յիսուսեանները կը դարնան ամէնէն մեծ եւ տարածուն միաբանութիւնը նուիրուած ''դաստիարակչական'' առաքելութեան մինչ միաբանութեան անդամները կատարեալ հնազանդութիւն կ՛ուխտեն Սրբազան Քահանայապետին։
Իգնատիոս տէ Լոյոլա ծնած է հաւանաբար 24 դեկտեմբեր1491-ին, Պելթրան տէ Լոյոլայի եւ Մարինա Սաէնս տէ Լիքոնայի բազմանդամ ընտանիքի յարկին տակ (13 եղբայրներ): Լոյոլա կը գտնուի Սպանիոյ Պասք երկրամասին մէջ։ Լոյոլա կը նշանակէ բարեբեր կալուած, կամ` առատութիւն, ճոխութիւն:
Յիսուսեան Միաբանութեան գաղափարը առաջին անգամ ի յայտ կու գայ 15 օգոստոս 1934-ին երբ Իգնատիոս եւ իրեն դասընկերները կը հանդիպին Փարիզի մէջ եւ աղքատութեան ու ողջախոհութեան ուխտ կը կատարեն, ունենալով որպէս կէտնպատակ մեկնիլ Երուսաղէմ եւ այնտեղ հաստատել իրենց առաքելութիւնը ինչպէս նաեւ առանց վերապահութեան հպատակիլ Սրբազան Քահանայապետի հրահանգներուն։
1537-ին անոնք Իտալիայ կը ժամանեն եւ Պօղոս Գ քահանայապետը զիրենք ընդունելով կը գնահատէ անոնց գործունէութիւնը եւ թոյլ կու տայ որ քահանայ ձեռնադրուին։ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Վենետիկի մէջ նոյն տարուայ 24 յունիսին, Խրուաթիոյ Արպէ թեմի առաջնորդի ձեռամբ։ Կայսրի, Վենետիկի, Քահանայապետի եւ Օսմանեան Կայսրութեան միչեւ ստեղծուած հակամարտութեան հետեւանքով, Երուսաղէմի սկզբնական առաքելութեան ծրագիրը իրականացնելու անկարելիութեան դիմաց, առաջին միաբանները կը լուծուին աղօթքի եւ եղբայրսիրական գործունէութեան։
1538-ի հոկտեմբերին ֆապէր, Լայնէզ եւ Իգնատիոս Հռոմ կը ժամանեն վաւերացնելու համար նոր միաբանութեան սահմանադրութիւնը եւ 27 սեպտեմբեր 1540-ին ''Regimini militantis ecclesiae'' Քահանայապետական Կոնդակով Պօղոս Գ Քահանայապետը կը վաւերացնէ Յիսուսեան միաբանութեան ստեղծումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.