2013-07-31 10:34:21

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ
Բարեձեւութիւնը...Եւ Մտատանջութեան Ազդեցութիւնը։


Ամբողջ աշխարհ, մարզական, մարմնակրթական, սննդականոնի եւ այլեւայլ միջոցներով, մտահոգ է առողջութեան եւ բարեձեւութեան հարցերով: Մարզասրահներու տէրեր, ինչպէս նաեւ ընկերութիւններու պատկանող թէ անհատ մարզիչներ հսկայ գումարներ կը պահանջեն, իրենց մարզական արուեստը սորվեցնելու, ու մարդկային մարմինի առողջութիւնը երաշխաւորելու համար:
Մարզական տարբեր խաղերու համար միջազգային մրցոյթներու պատրաստուող երկիրներ հսկայ գումարներ կը ծախսեն, վարձելու համար անուանի մարզիչներ, որոնց մարզած անձերը անպայման յաջողութիւններ պիտի արձանագրեն, բարձրացնելով տուեալ երկրի մարզական պատուանունը:
Մարզիկներուն համար եւս ընտրական լուրջ աշխատանք կը տանին յատկապէս քաղաքակիրթ երկիրներ, մինչեւ իսկ օտարականներուն տալով իրենց երկրին քաղաքացիութիւնը, զանոնք ներառելու համար իրենց ազգային խումբին մէջ:
Այսքան կարեւորութիւն ունեցող ասպարէզի համար, վստահաբար մարզիկներ եւ մարզիչներ եւս լուրջ մօտեցում կը ցուցաբերեն, հոգ տանելով մարմինի կազմութեան եւ առողջութեան, բարեձեւութեան ու ճկունութեան:
Անոնք՝ մարզիկները, ո՛չ միայն մրցոյթներէ առաջ ուտելիքի յատուկ կանոնի կը հետեւին , այլ իրենց ասպարէզի ամբողջ տեւողութեան մասնաւոր սննդականոնի ենթարկելով իրենց մարմինը, զայն կը պահեն նոյն ծաւալի եւ նոյն կշիռքի մէջ: Մկանային առողջութիւնը, ջիղերու հանգիստը, սրտի զարկերակին կանոնաւորութիւնը եւ ֆիզիքական այլ մանրամասնութիւններ, առաջնահերթութիւններ են մարզիչներուն համար, պահանջելով որ իրենց խնամքին յանձնուած մարզիկները հետեւին այդ բոլորին, եւ յարգեն մարզական աշխարհի դրած բոլոր պայմանները:
Մարզական կազմակերպութիւններու խիստ կանոններուն մեծագոյն զանցառութիւնը, թմրեցուցիչի օգտագործումն է ոյժի յաւելման համար. եւ այս խարդախութիւնը չվրիպեցաւ մարզական միջազգային յանձնաժողովին ուշադրութենէն, եւ նոյնիսկ ետ վերցուց այն մարզիկներուն բաժակային պարգեւները, որոնք բնական կարողութեամբ չէին շահած տուեալ մրցանակները: Այսօր, աւելի խիստ միջոցներ ձեռք առնուած են, պատիժներ սահմանելով այն մարզիկներուն, որոնք հակառակ նախազգուշացնող օրէնքին, դարձեալ կը յանդգնին թմրեցուցիչ օգտագործել նախքան մրցոյթը, որոնք կրնան մի քանի տարիներով մարզական կեանքէն հեռացումի դատապարտուիլ:
Մարդկային մարմինի բարեձեւութեան համար, բազմաթիւ մասնագէտներ իրենց գրպանը կը լեցնեն, յատուկ սննդականոն սահմանելով գիրցած անձերուն, կը հետեւին անոնց նիհարնալու ընթացքին: Ժողովրդային իմաստութիւնը կ՛ըսէ. «Նիհարնալու համար, պէտք է դանակ դնել կոկորդին», այսինքն ինքնակամ իշխել ուտելու ախորժակին վրայ:
Այս աշխարհի մէջ ոմանց համար գիրութիւնը պատիժ է, իսկ ուրիշներու համար՝ նիհարութիւնը: Չափաւորութիւնը միշտ փափաքելի եղած է, սակայն եւ այնպէս, ամէն մարդ չէ՛ հասած այդ երանութեան:
Մտատանջութեան ազդեցութիւնը։
Մտատանջութեան մէջ եղողներ երբեմն ախորժակի յաւելում կ՛ունենան, անբնական դարձնելով իրենց մարմինը, ասոր համար պէտք չէ որ մարդիկ յաւելեալ մտահոգութիւններով խճողեն իրենց հանգիստ կեանքը:
Երբ տրամաբանական մօտեցումով քննենք մեր մտահոգութիւնները, անոնք վստահաբար կիսով չափ պիտի նուազին: Մտահոգութիւնը կ՛աւելնայ, երբ անոր մասին շատ մտածես: Իսկ յանկարծ կրնայ չքանալ առօրեայէն ու կեանքէդ, երբ կարենաս բոլորովին ջնջել միտքէդ, Աստուծոյ թողելով զայն լուծելու արդար վճիռը: Մարդկային միտքը միշտ խեղճ ու տկար է որոշում կայացնելու հարցին մէջ: Սակայն փորձաքարերը միշտ անհրաժեշտ են, քննելու համար հաւատքը, դիմադրողականութիւնը, ինչպէս որ մարդկային մարմինը կը փորձուի հիւանդութիւններու բախուելով:
Բարեձեւութիւնը պահպանելը կարեւոր է, ո՛չ միայն ֆիզիքական մեր մարմինին, այլ նաեւ հոգեկան մեր կառոյցին համար
Քաղուած՝ ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆի Խորհրդածութենէն








All the contents on this site are copyrighted ©.