Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն երէկ
հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ: Էշթըն ըսաւ,
որ Մուրսի «լաւ է», սակայն ինք չի գիտեր, թէ ան ուր արգելափակուած է` աւելցնելով, որ
Մուրսիի հետ երկու ժամ տեւողութեամբ «անկեղծ ու խոր» քննարկումներով հանդիպում մը ունեցած
է: Ան նշեց, որ Մուրսի լուրերուն եւ զարգացումներուն կը հետեւի: Էշթըն ըսաւ, որ պաշտօնանկ
եղած նախագահը «առողջութեամբ լաւ է» եւ «բարձր տրամադրութեամբ»: Ան այդտեղ կը գտնուէր
իր երկու խորհրդականներով, եւ իրեն լաւ հոգ կը տանին: Մուրսիի համակիրները կ՛ողջունեն
Էշթընի հետ անոր հանդիպումը, ինչ որ Մուրսիի քաղաքական կեանք վերադարձին աւետիսը նկատեցին: Ֆրանսայի
արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երէկ կոչ ուղղեց Եգիպտոսի մէջ քաղաքական բանտարկեալները,
ներառեալ` Մուրսին ազատ արձակելու: Ան զգուշացուց, որ Եգիպտոսի մէջ կացութիւնը «շատ վտանգաւոր
է»: