Տարֆուրի Մէջ Երկու Օրուան Ընթացքին 94 Մարդ Սպաննուած Է
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ արեւմտեան Սուտանի Տարֆուր շրջանին մէջ երկու ցեղախումբերու
միջեւ երկու օր շարունակ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով 94 զոհ արձանագրուած է: ԱՖՓ
լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով հակամարտող ցեղախումբերէն մէկուն ղեկավարը, կը
հաղորդէ, որ ցեղախումբերէն մէկը անսպասելի կերպով յարձակած է միւսին վրայ, հակառակ անոր,
որ երկուքին միջեւ վերջերս խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուած էր: Տարֆուր երկար
տարիներէ ի վեր կը շարունակէ անկայուն շրջան մնալ: Միջցեղախմբային տագնապներէն բացի,
տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին նաեւ շրջանի բնակիչներուն եւ Սուտանի կառավարութեան
միջեւ: 2003-էն ի վեր Տարֆուրի մէջ 400 հազար մարդ սպաննուած է: Իսկ միջցեղախմբային
բախումներու պատճառով միայն յունուար-մայիս ամիսներուն ընթացքին 300 հազար մարդիկ Տարֆուրէն
փախուստ տուած են: