2013-07-30 11:47:59

Հաւատքը Եւ Այսօրուան Երիտասարդութիւնը


Երիտասարդները մարդկութեան ապագան են. այս խօսքը յաճախ կրկնուած Է երջանկայիշատակ ՅովհաննԷս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետի կողմէ որ կը նկատուէր երիտասարդներու մեծ բարեկամը եւ նախաձեռնողը համաշխարհային Երիտասարդական Օրերուն:
Այս օրերուս, շատ մը երիտասարդներ դժուարութիւններու մէջ կը գտնուին: Ոմանք հաստատ գործ մը կը փնտռեն վերջ տալու համար իրենց անկայուն վիճակին, ուրիշներ հոգեւոր փնտռտուքի մը հետեւելով՝ կը ջանան իմաստ մը տալ իրենց կեանքին: Շատեր ալ հեռացումէ եւ առանձնութենէն կը տառապին:
Ի՞նչու մեր երիտասարդները հեռացած են Քրիստոսէն եւ Եկեղեցիէն: Ճոն Պէրք կ'ըսէր թէ երիտասարդութիւնը տարիքի հարց չէ, այլ վարուելակերպ մըն է կեանքի եւ ընկերութեան հարդէպ:
Քաջ տեղեակ ենք թէ ներկայիս երիտասարդութիւնը կ'ապրի աշխարհի մը մէջ ուր կը գտնենք զիրենք տարբեր ընկերային, կրօնական եւ քաղաքական մարզերու մէջ: Բայց կրօնքը անհրաժեշտ կը մնայ հոգեւորականութեան, մշակոյթին եւ լաւ դաստիարակութեան համար :
Ի՞նչպէս հաղորդակցիլ երիտասարդութեան հետ կարեւոր նիւթերու մասին. ինչպէ՞ս քրիստոնէական բարոյականը բացատրել իրենց՝ թէ քրիստոնէութիւնը կարեւոր մաս կը կազմէ իրենց առօրեայ կեանքին: Նախ եւ առաջ, պէտք է ի մտի ունենալ հետեւեալ հարցերը. ,Անոնք յստակօրէն ի՞նչ կ'ակնկալեն մեզմէ. արդե՞օք պիտի ընդունին երկխօսել իրենցմէ աւելի փորձառու անձերու հետ կրօնական եւ բարոյական այնպիսի նիւթերու մասին, որոնք դժուար ըմբռնելի են եւ անհասկնալի:
Քահանայական առաքելութեանս ընթացքին, շատ անգամներ գործակցեցայ երիտասարդներու հետ եւ անդրադարձայ թէ անոնք կը նախընտրեն ապրիլ իրենց յատուկ աշխարհի մը մէջ: Անոնք բոլորովին կը մերժեն ընկերութիւնը եւ անոր կեանքի ընթացքը, գաղափարներն ու բարոյական արժանիքները: Անոնցմէ ոմանք կ'ատեն Եկեղեցին եւ իր ուսուցումները: Միթէ՞ անոնք կը վախնան անյայտ եւ անըմբռնելի բաներէն: Ցայտուն իրադարձութիւն մըն է թէ երիտասարդները կը վախնան ապագայէն, մանաւանդ երբ անոնք ականատես կ'ըլլան ու կը զգան ներկայ աշխարհիս կրօնական, տնտեսական եւ քաղաքական անկախութիւնները: Առաւել եւս մտահոգիչ է անոնց դրժումը ընտանիքին, որ, ըստ իրենց, չի փորձեր զիրենք հասկնալ եւ չի ջանար իրենց պէտքերուն հասնիլ եւ իրենց փափաքները կատարել: Անոնք կը փորձեն իրենց անձերը արժեւորել եւ իրենց կարողութիւնները զարգացնել հասնելու համար իրենց նպատակներուն: Յուսախաբ կը մնան երբ կը ձախողին, եւ ըստ այնմ կը սկսին յոռետեսութեան մէջ ընկղմիլ:
Համոզուած ըլլանք թէ Եկեղեցին ու ընտանիքը մեր երիտասարդներուն միակ ապաստաններն են, քանի որ լուծումներ կու տան անոնց հարցերուն եւ զանոնք կը հեռացնեն մտահոգութիւններէն:
Լիբանանցի նշանաւոր հեղինակ՝ Ժպրան Խալիլ Ժպրան կ'ըսէր. ,Հաւատքը կ'ամփոփէ իր մէջ ամէն արարք ու միտք: Հաւատքը մեզի կը սորվեցնէ միշտ բարութեան մէջ ապրիլ: Անցեալին կրօնքն ու փիլիսոփայութիւնը կը դասուէին միեւնոյն ընտանիքին մէջ: Ուրեմն, հաւատքի ոգիով է որ պէտք է մօտենանք երիտասարդներուն. ի հարկ է որ մենք՝ որպէս Եկեղեցւոյ պատասխանատուներ՝ ըլլալու ենք լաւ վկաները Քրիստոսի Աւետիսին, ցոյց տալով մեր զօրակցութիւնը իրենց հետ: Կ'ըսուի թէ իսկական բարեկամը կը ճանչցուի դժուարագոյն պարագաներուն ընթացքին: Մենք պարտինք մեր սրտերը բանալ երիտասարդներուն իրենց ապացուցանելու համար թէ Եկեղեցին անտարբեր չէ իրենց աշխարհին եւ իրենց գաղափարներուն:
Միշտ պէտք է յոյս տալ մեր երիտասարդներուն եւ պէտք է միշտ իրենց յիշեցնել թէ յոյսը աւելի զօրաւոր է քան յուսահատութիւնը:
Որպէս եզրակացութիւն այս կարեւոր նիւթին, պիտի փափաքէի յիշեցնել մի քանի կարեւոր կէտեր որոնք կ'օգնեն երիտասարդներուն աւելի լաւ ապրելու իրենց կեանքը եւ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու իրենց միջավայրին հետ.
- քրիստոնեայ մշակոյթը շատ կարեւոր է հաստատ ընկերային դաստիարակութեան մը համար.
- մեր ընտանիքներուն քրիստոնէական մթնոլորտը՝ կեանքի հասկցողութեան տիպար գործօն մըն է.
- աստուածային լոյսը կը լուսաւորէ մեր կեանքին ընթացքին մեր առած բոլոր ճամբաները:







All the contents on this site are copyrighted ©.