2013-07-30 12:02:03

Կարտինալ Էրսիլիոյ Թոնինիի Յուղարկաւորութեան Արարողութիւնը


Երեքշաբի 30 յուլիսին Իտալիոյ Րավէննա քաղաքաին մէջ տեղի ունեցան Րավէաննյաի երբեմնի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Էրսիլիօ Թոնինիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Կարտինա Թոնինին իր մահկանացուն կնքեց 99 տարեեկանին անցեալ 28 յուլիսի առաւօտեան ժամը 2-ին։
Այս առթիւ յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղած էր Րավէննայի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Լորէնցօ Կիցցոնիին եւ թեմի հաւատացելաներուն որուն մէջ գրած էր ''Մեծ ցաւով իմացայ Րավէննայի երբեմնի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Էրսիլիոյ Թոնինիին մահուան տխուր լուրը ։ Աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած որպէսզի եռանդուն եւ առատաձեռն հովիւին պարգեւէ յաւիտենական հանգիստ։ Աղօթքով կը միանամ, թեմի հասարակութեան ցաւին։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկելով Կարտինալ Թոնինիին բեղմնաւոր եւ բազմաթիւ առաքելական գործունէութիւններուն Րավէննայի թեմէն ներս, բոլոր թեմի անդամներուն յայտնած էր իր ''խորին ցաւակցութիւնները''։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր հեռագիրը եզրափակած էր բոլորին սրտանց բաշխելով ''մխիթարիչ Առաքելական օրհնութիւնը, յատուկօրէն անոնց որոնք վերջերս մեծ սիրով նեցուկ կանգնած էին ննջեցեալ` Կարտինալ Թոնինիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.