2013-07-30 12:41:19

''Ապահովութիւնը Ժողորուրդի Մը Հանդէպ Վստահութիւն Ունենալն է'' Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը Րիոյի Առաքելական Ճամբորդութեան Աւարտին։


Երկուշաբի 29 յուլիսի առաւօտեան վերջ գտաւ ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական առաջին ճամբորդութիւնը դէպի Րիօ Տէ Ժանէյրօ, 22-28 յուլիս 2013, Երիտասարդիութեան համաշխարհային 28 օրուայ առթիւ ։

Միջազգային այս առաջին առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ֆրանչիկսկոս քահանայապետը արտասանեց 16 պաշտօնական ճառեր լի հոգեպարար եւ իմաստալից պատգամներով եւ խորհրդածութիւններով։

Բացի խօսքերէն Պրազիլ կատարած մէկ շաբթուայ ճամբորդութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապը արտայայտուեցաւ իր վարուելակերպով, իր Աստուծոյ խոնրահ ծառայի մօտեցումով եւ Աստուծոյ ժողովուրդի Հովիւի պարզ հանգամանքով։
Հակառակ ապահովական մարմնի թելադրանքներուն Նորին Սրբութիւնը շարունակեց շրջիլ ''քահանայապետական բաց ինքնաշարժով'' մօտիկ ըլլալու համար ժողովուրդին, շփուելու անոնց հետ, ողջունելու զանոնք, համբուրելու մանուկները, հոգածութիւն ցուցաբերելու հիւանդներուն եւ գուրգուրանք աղքատներուն։Իր պարզութեան կայացաւ անոր մեծութիւնը։

Երբ Քահանայապետական Ինքնաշարժով կը շրջէր, հաւատացեալներէն մին անոր երկարեց լատինամերիկեան ''mate'' -ի խմիչքը եւ քահանայապետը առանց այլեւայլի ըմպեց զայն որպէս քաղաքավարութեան նշան։

Պրազիլէն Հռոմ վերադարձին, օդանաւի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած երկար զրոյցի մը ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապին Րիոյի մէջ ապահովութեան մասին ուղղուած մէկ հարցումին Ան պատասխանեց թէ ''ապահովական շատ հարցեր արծարծուեցան սակայն ոչ իսկ մէկ արկած մը պատահեցաւ համայն Րիոյի մէջ։ Աւելի թոյլ ապահովական շղթայով մը ես կարողացայ շփուիլ մարդոց հետ, իրենց հետ ըլլալ, ողջունել զանոնք, առանց զրահապատ մեքենայի։ Ապահովութիւնը ժողորուրդի մը հանդէպ վստահութիւն ունենալն է, թէեւ վտանգը միշտ կը սպառնայ բայց չի մոռնանք որ միւս կողմէն Տէրն ալ միշտ ներկայ է։ Եպիսկոպոսի մը եւ ժողովուրդին միջեւ ''զրահ'' մը զետեղելը խենդութիւն մըն է եւ ես կը նախընտրեմ ուրիշ խենդութիւն մը`''մօտիկութիւնը'', որ բոլորին բարիքին կը նպաստէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.