2013-07-29 10:59:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Շնորհակալական Թուիթը ՃՄՃ-ի Աւարտին։


Երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրուայ հաւաքի աւարտին` կայացած Պրազիլի` Րիօ տէ Ժանէյրօյի մէջ 22 - 28 յուլիս եւ որուն մասնակցեցան աշխարհի չորս ծագերէն երեք միլիոն երիտասարդներ, որոնց շարքին էին նաեւ 15 հոգիէ բաղկացած Հայաստանէն մեկնած հայ երիտասարդներ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թուիթերեան իր կայքի վրայ` երախտագիտութեան հետեւեալ թուիթը հրատարակեց`

Խորապէս շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որ աշխատեցան երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրուայ յաջողութեան` եւ կ՛ողջագուրեմ բոլոր մասնակցիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.