2013-07-29 11:56:47

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Աւարտեց Պրազիլ Կատարած Առաքելական Ճամբորդութիւնը։


Կիրակի 28 յուլիսի երեկոյեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Պրազիլէն վերադարձաւ Հռոմ ուր ժամանեց` Հռոմի Չամբինօ օդակայան երկուշաբթի 29 յուլիսի առաւօտեան ժամը 11,30-ին։

Արժանթինցի Քահանայապետը իր պարզութեամբ եւ խոնարհութեամբ կարողացաւ հրապուրել Պրազիլցիներու սիրտը եւ խրախուսել աշխարհի չորս ծագերէն Րիօ համախմբուած 3 միլիոնէ աւելի երիտասարդները անոնց յանձնարարելով հետեւիլ Յիսուսի պատուէրին ու ''երթալ եւ աշակերտել բոլոր ազգերը''։

Կիրակի օրուայ եզրափակիչ սուրբ պատարագի արարողութիւնը եղաւ ուրախութեան եւ հաւատքի արտայայտութեամբ լի արարողութիւն մը։
Գոբաքապանայի ծովափի 4 քմ երկարութեան տարածքի վրայ համախմբուած էին 3 միլիոն երիտասարդներ որ իրենց խանդավառ ներկայութեամբ առիթ ընծայեցին աշխարհի ամենամեծ ''flash mob'' ը իրականացնելու այնտեղ գտնուող եպիսկոպոսներու եւ կղերականներու աշխուժ մասնակցութեամբ։ Սուրբ Զոհին ներկայ գտնուեցան նաեւ բացի Պրազիլի նախագահէն, Արժանթինի, Սուրինամէ եւ Պոլիվիայի նախագահները ինչպէս նաեւ Ուրուկուայի եւ Բանամայի փոխ նախագահները ապա ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մասնաւոր խնդրանքով ներկայ էր նաեւ պրազիլցի զոյգ մը իրենց ''ուղեղազուրկ'' անկար զաւակով։

Սրբազան Քահանայապետի հոգեպարար քարոզներն ու ճառերը մեծ արձագանք ունեցան ընկերային հաղորդակցութեանց բոլոր միջոցներուն մէջ։ Սրբազան Քահանայապետը Պրազիլ ժամանած էր ոչ միայն երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ համար այլ եւ Պրազիլի եւ Լատին Ամերիկայի Եկեղեցւոյ համար եւ այս ի յայտ կու գայ անոր արտասանած ճառերէն Պրազիլի եպիսկոպոսական դասին եւ Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսներու համադրող յանձնախումբի հետ հանդիպումէն - յայտարարեց Վատիկանի բանբեր` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին մամուլին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին հաստատելով թէ ''Քահանայապետի փափաքն է ունենալ ''սիւնհոդոսական Եկեղեցի'' մը եպիսկոպոսներու մեծ մասնակցութեամբ որ պէտք են ապացուցել իրենց պատասխանատութիւնը իրենց տեղական Եկեղեցիներուն մէջ։

Գոբաքապանայի տարածքին մատուցած եզրափակիչ սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին յայտարարեց նաեւ թէ յառաջիկայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը պիտի նշուի 2016-ին Գրաքովիայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.