2013-07-29 12:59:38

Ս. Էջմիածինի Պատուիրակութեան Մասնակցութեամբ Քննարկուած են Կանաչ Ուխտագնացութեան Զարգացմանը Միտուած Հարցերը


Նորուեկիոյ Թրոնտհայմ քաղաքին մէջ Յուլիս 26-28 տեղի ունեցած «Կրօններու եւ բնապահպանութեան ալեանս»-ի ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպման նպատակը կանաչ ուխտագնացութեան զարգացման հարցերու քննարկումն էր` հաշուի առնելով բնապահպանութիւնն ու ադոր հրամայականները: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Հանդիպման մասնակցած են Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Էջմիածին քաղաքի պատուիրակութիւնը, որուն մէջ եղած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը, Էջմիածինի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեանը եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կլոր Սեղան միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Նազարեանը:
Հանդիպման մասնակցած են աշխարհի աւելի քան տասը հաւատքային խումբերու ներկայացուցիչներ` քրիստոնեաներ, հրեաներ, մահմետականներ, սիկխեր, հինտուներ, դաոիստներ, շինտոներ, գոնֆուցիոսականներ, պուտտիստներ:
Հանդիպման ընթացքին ելոյթով հանդէս եկած է Եւրոխորհուրդի Գլխաւոր Քարտուղար Դոպէորն Եակլանտը, Թրոնտհայմի քաղաքապետ Ռիդա Օդերվիգը, Գոնֆուցիոսական համաշխարհային բնապահպանական ալեանսի գլխաւոր քարտուղար եւ Բեգինի համալսարանի փրոֆէսըր Դու Վէյմինկը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները կազմակերպած են հայկական ծէսով աղօթքի արարողութիւն, ներկայացուցած են «Կանաչ աւանդական կերակուր» ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Էջմիածինի քաղաքապետարանի ու Մայր Աթոռի կողմէ իրականացուող ծրագիրները:
Հանդիպման մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցած են նաեւ ծանօթանալու Թրոնտհայմ քաղաքին մէջ իրականացուող բնապահպանական ծրագիրներուն:
Աւարտին հայաստանեան պատուիրակութիւնը հրաւէր ուղղած է «Կրօններու եւ բնապահպանութեան ալեանս»-ին յաջորդ հանդիպումը գումարելու Հայաստանի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.