2013-07-29 12:06:04

Կուարադիպայի ''Գամբուս ֆիտէյ'' Տարածքի Վրայ Աղքատներուն Համար 20 Հազար Բնակարան Պիտի Կառուցի։


Կուարադիպայի Գամբուս ֆիտէյ տարածքը որ վայրը պիտի հանդիսանար ՃՄՃ-ի աղօթքի հսկումի երեկոյեան եւ եզրափակիչ սուրբ արարողութեան եւ որ կլիմայական ու ապահովական պատճառներու համար վերջին վարկեանին նախընտրուեցաւ չի գործածել, այժմ պիտի դառնայ, Րիօ կառավարիչի յայտարարութեամբ, 20 հազար աղքատներու համար յատկացուած բնակավայր։
Արդարեւ Կիրակի առաւօտեան սուրբ պատարագի ընթացքին` Րիօյի կառավարիչը այս մէկը յաղորդեց Քահանայապետին որ գոհունակութեամբ ընդունեց այս ուրախալի լուրը։
Յայտնենք թէ անցեալ հինգշաբթի 25 յուլիսին ''Րիոյի բանալիներու'' յանձնումի արարողութեան ընթացքին Րիոյի Կառավարիչը Քահանայապետին ըսած էր ''Սրբազան Հայր ձեզի կը յանձնենք քաղաքի բանալիները'' այլեւս կրնաք ընել ինչ որ կը փափաքիք։ ֆրանչիսկոս Պապը բնակարաններու կարուցման ծրագիրին ի լուր Րիոյի կառավարիչին ըսաւ ''Պարօն կառավարիչ տես՞աք թէ դուք կը կատարէք իմ փափաքներս։ ''








All the contents on this site are copyrighted ©.