2013-07-28 14:35:10

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը Երիտարադներու Հետ Աղօթքի Հսկումի Ընթացքին։


Կլիմայական եւ ապահովական պատճառներու համար ՃՄՃ-ի կազմակերպիչ մարմինի որոշումով աղօթքի հսկումի արարողութիւնը որ նախատեսուած էր Կուարադիպայի ''Գամբուս ֆիտէյ'' - հաւատքի դաշտ - կոչուած բացօդեայ տարածքի վրայ, տեղի ունեցաւ Գոբաքապանայի ծովափին մօտ 27 յուլիսի երեկոյեան ժամը 9,30-ին (հռոմի ժամով 00,30-ին), ուր անցեալ երեքշաբթի 23 յուլիսին, սկիզբ առած էին երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ տօնակատարութիւնները։
Աղօթքի հսկումին մասնակցեցան 2 միլիոնէ աւելի երիտասարդներ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ որ անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ մեկնելով Ասիզացիի Սուրբ ֆրանչիսկոսի տեսիլքէն որուն ընթացքին Տէրը անորմէ կը խնդրէ ''վերանորոգել իր տունը'' Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ ''այսօր եւս Տէրը իր Եկեղեցւոյ համար պէտք ունի ձեզի նման երիտասարդներուն'' եւ ձեզմէ ամէն մէկը կը կանչէ հետեւելու Իրեն եւ դառնալու ''առաքեալ''։

Սրբազան Հայրը ապա ներկայցուց երեք կէտերով խորհրդածութիւն մը կեդրոնացած ''հաւատքի դաշտ'' ի նշանակութեան մասին ուր ինչպէս ըսինք որոշուած էր նախապէս կատարել Հսկումի արարողութիւնը։

-Հաւատքի դաշտը որպէս սերմանումի վայր
-Հաւատքի դաշտը որպէս մարզանքի վայր
-Հաւատքի դաշտը որպէս շինարարական աշխատանքներու վայր

Անդրադառնալով առաջին նիւթին Սրբազան Հայրը ակնարկեց սերմնացանի առակին ընդգծելով թէ հաւատքի իսկական դաշտը ամէն մէկուն սիրտն է ուր Յիսուս կը խնդրէ մտնել իր Խօսքով եւ իր ներկայութեամբ։ Մտիկ ըրէք Անոր - ըսաւ Սրբազան Հայրը - մի ըլլաք ''ժամանակաւոր քրիստոնեաներ, մակերեսային` այլ եղէք հարազատ քրիստոնեաներ. Ես գիտեմ թէ դուք կը ձգտիք բարձր իտէալներու եւ Յիսուս ձեզի կրնայ պարգեւել այդ իտէալները որովհետեւ ինք ''ճանապարհ , ճշմարտութիւն ու կեանք է։''
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ Հաւատքի դաշտի մասին որպէս մարզանքի վայր, երիտասարդներուն հասկացնելով Թէ Քրիստոս կարողութիւնը ունի ''աշխարհի ախոյանութենէն'' աւելի մեծ բան մը պարգեւելու։ Ան մեզի առիթ կու տայ ուրախ եւ պտղատու կեանք մը ապրելու եւ Իրեն հետ ապագայ մը՝ որ յաւիտենական կեանքն է։
''Խորհուրդներու մատակարարումի, եղբայրական սիրով, ունկնդրութեամբ, ներողամտութեամբ եւ ուրիշները օգնելով, եղէք Քրիստոսի իսկական մարզիկները'' յորդորեց ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա խօսեցաւ երրորդ կէտի մասին որ է Հաւատքի դաշտը որպէս շինարարական աշխատանքներու վայր ուր միայնակ չենք այլ մաս կը կազմենք եղբայրներու ընտանիքին որ միեւնոյն ճանապարհով կ՛ընթանան։ Մաս մըն ենք Եկեղեցւոյ ու անոր եւ պատմութեան կերտիչները։ Յիսուս մեզի կ՛ըսէ ''Գացէք եւ աշակերտեցէք ազգերը'' ։ Այս գիշեր, Անոր պատասխանենք ''Այո ես կ՛ուզեմ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ շինարարը դառնալ։''
Ձեր սրտին մէջ աւելի լաւ աշխարհի մը կերտումին իղձը ունիք։ Ուրտեղ՞էն սկսիլ։ Երբ Գալքուդայի Մայր Թերեզային հարցուցին Ի՞նչ պէտք էր փոխուիլ Եկեղեցւոյ մէջ, Ան պատասխանեց, դուն եւ ես։
Սիրելի բարեկամներ - եզրափակեց Քահանայապետը - Դուք Հաւատքի Դաշտն էք, Դուք Քրիստոսի Մարզիկներն էք, Դուք աւելի լաւ աշխարհի առ աւելի գեղեցիկ Եկեղեցւոյ մը շինարարներն էք։ Մեր աչքերը սեւերենք Տիրամօր , ու Անոր օրինակին հետեւելով ''Այո'' ըսենք Աստուծոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.