2013-07-28 12:25:40

Րիօ - Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Առաքելական Ճամբորդութեան Վերջին Օրուայ Յայտագիրը


Կիրակի 28 յուլիսի առաւօտեան ժամը 08.20 (Հռոմի ժամով 13.20) , ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թողելով Սումարէյի բնակավայրը կ՛ուղղուի Գօբաքապանայի ծովափը ու զինք կը դիմաւորեն 2 միլիոնէ աւելի երիտասարդներ որոնք երեք երեկոյեան նոյն վայրին մէջ մասնակցեցան ճմճ-ի աղօթքի հսկումին

Ժամը 10.00-ին (Հռոմի ժամով 15,00) Նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ ՃՄՃ-ի եզրափակիչ պատարագի արարողութիւնը։

Սուրբ գրային ընթերցումէն առաջ , Րիոյի Արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Թէմբէսդա` ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ հուսկ Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք ֆրանչիսկոս Պապը յաւուր պատշաճի խօսքը կ՛ուղղէ։
Սուրբ Պատարագի աւարտին ՃՄՃ կազմակերպիչ` Աշխհարականներու քահանայապետական խորհուրդին նախագահ` Կարտիկնալ Սդանիզլավ Րիլքօյի խօսքէն ետք ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 5 երիտասարդ զոյգերու կը նուիրէ աղօթքի գիրք մը եւ Գորքովատօյի Քրիստոս Փրկիչի նմանօրինակ արձանը որ կը խորհրդանշէ Րիյոի ''սքանչելի քաղաքը'' ։
Արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանելէ առաջ ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքը խորհրդածութիւն մը կը կատարէ որուն ընթացքին նաեւ կը յայտարարէ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ յաջորդ հանգրուանի վայրն ու թուականը։
Յետմիջօրէի ժամը 4.00 ին (Հռոմի ժամով 21.00 ին) Նորին Սրբութիւնը , Սումարէյի բնակավայրի կեդրոնական սրահին մէջ կը հանդիպի Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական 45 եպիսկոպոսներէ բաղկացած խորհուրդի համադրող յանձնախումբին հետ որ 29 յուլիսէն մինչեւ 4 Օգոստոս, Րիոյի ''Րէճինա Չելի'' հաստատութեան մօտ գումարած են իրենց ժողովը։

Հանդիպման ընթացքին խօսք կ՛առնէ ''C.E.L.A.M.'' Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի համադրող յանձնախումբի Նախագահ՝ Գերապայծառ Գարլոս Ակիյար Րէթէս որ է նաեւ Մէքսիքոյի Թլալնէբանդլա թեմի արքեպիսկոպոսը ապա Սրբազան Քահանայապետին ներկաներուն կ՛ուղղէ իր ճառը։

Լատին Ամերիկացի եպիսկոպոսներու հետ հանդիպման աւարտին` ժամը 5.00 (Հռոմի ժամով 22.00), Քահանայապետը հրաճեշտ առնելով Սումարէի բնակավայրէն կ՛ուղղուի Րիոյի կեդրոնական Համալիր, որ ՃՄՃ-ի առթիւ վերանուանուած է ''Հաւատքի Կեդրոն''։ Յայտնենք թէ վերոյիշեալ կեդրոնը, արդիական մեծ կառոյց մըն է 600,000 մեթր քառակուսի տարածքով։

''Հաւատքի կեդրոնին'' մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի 15000 կամաւոր երիտասարդներուն հետ որոնք երկու վերջին տարիներու ընթացքին աշխատեցան Րիոյի ՃՄՃ -ի նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Քայլերգէն ետք խօսք կ՛առնէ Րիյոի թեմի Արքեպիսկպոսը ապա երկու կամաւոր երիտասարդներ կ՛ոջունեն Արբազան Քահանայպետը որ իր կարգին պատգամ մը կ՛ուղղէ ներկաներուն ու կ՛օրհնէ զանոնք։

Կամաւորներու հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Րիոյի Կալէաօ օդակայան ուր զինք կը դիմաւորէ Պրազիլի Նախագահ` տիկին Րուսսէֆ, ներկայութեամբ դիւանագիտական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ինչպէս նաեւ Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն։
Օդակայանին մէջ տեղի կ՛ունենայ հրաժեշտի արարողութիւնը, որուն սկիզբը հրաժեշտի խօսք կ՛արատասանէ Պրազիլի նախագահը որուն կը յաջորդէ Սրբազան Քահանայապետի Պրազիլի մէջ արտասանած վերջին պաշտօնական ճառը։

Հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապը ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը կը բարձրանան օդանաւ եւ ''Ալիթալիայի'' թռիչքով, 11 ժամ եւ 30 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք, կը վերադառնան Հռոմ` ուր ժամանումը նախատեսուսած է 29 յուլիսի առաւօտեան ժամը 11,30 (Հռոմի ժամով)։







All the contents on this site are copyrighted ©.