2013-07-27 17:41:54

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Հանդիպումը Պրազիլի Ղեկավար Դասակարգին Հետ։


Փառք կու տամ Աստուծոյ որ ինծի բարեպատեհ առիթը կ'ընծայուի հանդիպում ունենալու քաղաքական, դիւանագիտական, մշակութային, ակատեմական ու կրօնական ներկայացուցիչներու հետ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղելով Րիոյի քաղաքապետարանի թատերասրահին մէջ համախմբուած Պրազիլի Ղեկաւար Դասակարգի ներկայացուցիչնխորուն։

Ազգերու պատասխանատուները կանչուած են դիմագրաւել ապագան ճշմարտութեան ոգիով եւ այդ ուղղութեամբ իմ խորհրդածութիւնս կ'ուզեմ կեդրոնացնել հետեւեալ երեք կէտերու վրայ.
- առաջին` ինքնուրոյն մշակոյթի պահպանումը։
- երկրոդ` զօրավիգ պատասխանատուութիւնը ապագան կերտելու
- եւ երրորդ` շինիչ երկխօսութիւնը դիմագրաւելու ներկան։

Գալով առաջին երեւոյթին հարկաւոր է պահպանել պրազիլեան մշակոյթի ինքնութիւնը, ու պատշաճեցնել զայն դարուս պահանջներուն։ Այդ ուղղութեամբ քրիստոնէութիւնը ինքնիր մէջ կը ներփակէ վերանցականութիւնը ու մարդեղութիւնը, միշտ կենսունակ կը դարձնէ մտածութիւնը եւ կեանքը։

Երկրորդ երեւոյթը` ընկերային պատասխանատուութիւնը - ազգի մը պատասխանատուները կանչուած են աշխատելու բոլորին բարիքին համար այդ իրագործելու համար լաւ ճանչնալու են ու հակակշռելու են իրականութիւնը պատշաճ որոշումներ որդեգրելու նպատակով։ Ով որ պատասխանատուութեան ոգիով կը գործէ կ'արդարանայ օրէնքին առջեւ ու յաչս Աստուծոյ։

Երրորդ երեւոյթը` շինիչ երկխօսութիւնը - երկխօսութիւն սերունդներու միջեւ, երկխօսութիւն ժողովուրդին հետ բաց մնալով յաչս ճշմարտութեան։ Երկիր մը յառաջդիմութիւն կը կատարէ երբ երկխօսութիւն կը հաստատէ իր զանազան մշակութային հարստութիւններուն հետ։ Դժուար է որ ընկերութիւն մը յառաջդիմութիւն արձանագրէ առանց իր ունեցած հարստութիւններու նպաստին։ Հիմնական է նպաստը աւանդական կրօններու, որոնք խմորի դեր կը կատարեն ընկերութեան մէջ։ Նոյնպէս ալ էական է պետութեան աշխարհականացումը - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա խօսքը եզրափակեց յիշեցնելով որ անհատին, ընտանիքին ու ընկերութեան աճումին ու հասունութեան միակ եղանակն է զարգացնել հանդիպումի մշակոյթը, ուր ամէն ոք բարի բան մը ունի տալիք ուրիշին եւ առնելիք անկէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.