2013-07-27 08:32:55

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Առաքելական Ճամբորդութեան 6-րդ Օրուայ Յայտագիրը։


Շաբաթ 27 յուլիսի առաւօտեան ժամը 08.00 ին Սրբազան Քահանայապետը կը թողու Սումարէյի բնակավայրը եւ ինքնաշարժով կը մեկնի դէպի Րիոյի Սուրբ Սէպասթիանոսի Թեմական մայր տաճարը ուր զինք կր դիմաւորեն տաճարին Րէկտորն ու վարչութեան անդմաները։
Ժամը 9-ին (հռոմի ժամով 14-ին) ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը համապատարագէ ՃՄճ-ի մասնակցող եպիսկոպոսներուն հետ, քահանաներուն, կղերական դասի եւ նորընծաներու ներկայութեամբ։
Սուրբ գրային ընթերցումէն առաջ, Րիոյի թեմին արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Թէմբէսթա ողջոյնի խօսք մը կ՛ուղղէ Սրբազան Քահանայապետին։Իսկ աւետարանի ընթերցումէն ետք ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն կ՛ուղղէ իր պատգամը։
Սուրբ Պատարագի աւարտին առաւօտեան ,ֆրանչիսկոս քահանայապետը կը փոխադրուի Րիոյի քաղաքապետարանի թատերասրահը ուր հանդիպում կ՛ունենայ Պրազիլի քաղաքական իշխանութիւններու եւ քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը դիմաւորեն թատերասրահի նախագահը եւ Պրազիլի Մշակոյթի Պետական ներակայացուցիչը։
Հանդիպումին ներկայ կր գտնուին ի շարս քաղաքական անձնաւորութիւններէն, դիւանագետներ, մշակոյթի, քաղաքացիական աշխարհի ներկայացուցիչներ, գործառարներ եւՊրազիլի կրօնական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներ։
Երաժշտական հակիրճ յայտագիրէ ետք խօսք կ՛առնեն Րիոյի թեմի Արքեպսկոպոսը, եւ մշակոյթի աշխարհի մէկ ներկայացուցիչը հուսկ Սրբազան քահանայապետը իր պատգամը կ՛ուղղէ ներկաներուն։ Հանդիպման աւարտին զանազան ասպարէզներու 20 ներկայացուցիչներ որոնց շարքին դիւանագիտական մարմնի 6 անդամներ եւ մի քանի կրօնապետեր առիթը կ՛ունենան ողջունելու Քահանայապետը։

Կէսօրին ժամը 1.00 ին (հռոմի ժամով 18-ին), Րիոյի թեմի Սան Ժոաքիմ առաջնորդարնին մէջ, տեղի կ՛ունենայ ճաշկերոյթ մը ի պատիւ Սրբազան Քահանայապետին որուն կը մասնակցին Պրազիլի Կարտինալները եւ եպիսկոպոսները ։
Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք կ՛առնէ Աբարէսիտայի թեմի Արքեպիսկոպոսը եւ Պրազիլի եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ` Կարտինալ Րայմունտօ Տամաշէնօ Ասիզ որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը կ՛ուղղէ ներկաներուն։
Յայտնենք որ Պրազիլի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասը աշխարհի ամէնամեծ դասն է եւ ունի 275 Եկեղեցական Թեմեր որոնց շարքին Արեւելեան Ծէսի հաւատացեալներու առաջնորդութիւն։ Պրազիլի եկեղեցին ունի 459 եպիսկոպոս եւ 9 կարտինալներ (5-ը քահանայապետ ընտրող կարտինալ եւ 4-ը ոչ ընտրող)։ Պրազիլի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահն է Կարտինալ Րայմունտօ Տամաշէնօ Ասիզը։

27 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7.30 ին (հռոմի ժամով 28 յուլիսի 00,30-ին) Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի Գոբաքապանայի ծովափը ուր երիտասարդներուն հետ միասին կը մասնակցի Ճմճ-ի աղօթքի հսկումի արարողութեան եւ սուրբ հաղորդութեան պաշտամունքին։

Հսկումի ընթացքին նախատեսուած են մի քանի երիտասարդներու վկայութիւններ եւ երիտասարդներու կողմէ սրբազան Քահանայապետին ուղղուած հարցումներ ինչպէս նաեւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ճառը։ Աղօթքի հսկումը վերջ կը գտնէ ''ողջ լեռ թագուհի'' աղօթով։







All the contents on this site are copyrighted ©.