2013-07-27 17:19:10

Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրուան Մասնակցող Կղերին Հետ Մատուցած Համապատարագի Ընթացին ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Արտասանած Քարոզը։


Եպիսկոպոսներու, քահանաներու կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու եւ ժառանգաւորներուն մասնակցութեամբ, շաբաթ 27 յուլիսի առաւօտեան ժամը 9-ին Րիոյի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցած սրբազան արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ`

Սիրեցեալ եղբայրներ ի Քրիստոս, տեսնելով որ Աթոռանիստ այս Եկեղեցին լեցուն է աշխարհի չորս ծագերէն եկած կղերականներով իմ միտքս կու գայ սաղմոսերգուին խօսքը ''Տէր, թող ժողովուրդները. գոհաբանութիւն բարձրացնեն։ Մենք հոս կը գտնուինք գոհութիւն մատուցանելու Տիրոջ եւ այդ կը կատարենք վերահաստատելու մեր կամքը ոչ միայն Աստուծոյ ժողովուրդը առաջնորդելու Տիրոջ այլ եւ բոլոր ազգերը տանելու Անոր։ Մենք հոս կը գտնուինք Աւետարանը քարոզելու երիտասարդներուն որպէսզի իրենց կարգին դառան կերտիչները աւելի եղբայրական աշխարհ մը։ Այդ ուղղութեամբ կ'ուզեմ ձեզի ներկայացնել մեր կոչումին հայող երեք խորհրդածութիւններ. կանչուած ենք Աստուծմէ, կանչուած` Աւետարանը քարոզելու, կանչուած հանդիպումի մշակոյթը զարգացնելու։

Կանչուած ենք Աստուծմէ - Մեր կոչումը Աստուածային ընտրութիւն մըն է, մենք Աստուծմէ ընտրուեցանք որպէսզի Յիսուսի մէջ բնակութիւն հաստատենք։ Մեր առաքելութիւնը յաջող պիտի ըլլայ եթէ հաւատարիմ մնանք Յիսուսի։ Մենք հպարտ պէտք ենք ըլլալ մեր կոչումով, որ մեզի բարեպատեհ առիթը կու տայ Յիսուսի ծառայելու աղքատներուն մէջ։ Պէտք ենք անոնց երթալ ինչպէս քահանան ուրախութեամբ խորհան կը բարձրանայ։ Յիսուս` Բարի Հովիւը մեր ճշմարիտ գանձն է. աշխատինք Անոր սրտին կապուիլ։
Կանչուած` Աւետարանը քարոզելու - Յիսուսի հրամանը` գացէք աշխարհը աշակերտցէք։ Օգնեցէք երիտասարդներուն որպէսզի իրենց կարգին դառնան Աւետարանի առաքեալներ։

Կանչուած հանդիպումի մշակոյթը զարգացնելու - Աշխարհի մը մէջ կ'ապրինք ուր մերժումի մշակոյթը կը տիրէ, ուր տեղ չկայ ծերունիին, կամ սպասուած նորածինին, ուր ժամանակ չունինք կանգ առնելու եւ մերձաւորին օգնութեան հասնելու.... մենք քաջութիւնը ունենանք հակազդելու այդ մշակոյթին ու բազկատարած ընդունինք կարիքաւորը, առանց սակայն ''մեր ճշմարտութիւնը պարտադրելու'', այլ պարզապէս ներկայացնելով Քրիստոսով փոխակերպուած ճշմարտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.