2013-07-26 11:45:29

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Պրազիլ Եւ Միջազգային Մամուլը։


''Քահանայապետ մը որ կը ներկայացնէ Եկեղեցի մը արմատացած այսօրուայ երիտասարդներու սրտին մէջ։ ''

Միջազգային մամուլը լայնօրէն կ՛անդրադառնայ Սրբազան Քահանայապետի եւ Երիտասարդութեան համաշխարհային շաբաթուան մասին եւ յատկապէս Վարժինիայի` Ընկերութենէն անջատ ապրողներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումին եւ հիւրընկալութեան տօնին։
Լրագրողները ուշադիր են ֆրանչիսկոս Քահանայապետի արտասանած ճառերու բովանդակութեան ու անոնց իմաստին։
Հինգշաբթի օրուայ դէպքերը` քաղաքի բանալիի յանձնումը, Վարժինիայի այցելութիւնը, Գոբակապանայի ընդունելութեան տօնը, Քահանայապետի թուիթ-երը, Վատիկանի բանբեր հայր Լոմպարտիի յայտարարութիւնները, լայն արձագանգի արժանացան։
Օրուան աւարտին ի յայտ եկաւ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւն մը արտայայտուած պարզ, իրապաշտ, արդի ու հասկնալի բառերով։

Վարժինիա` ֆավելայի այցելութիւնէն ի յայտ եկաւ Սրբազան Հօր կապը բազմութեան հետ, անոր հովուական շփումը, անոր պարզութիւնը։ Շատ մը լրագրողներ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խօսքն ու շարժումները մեկնաբանելով գրեցին ''Սրբազան Հայրը գիտէ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան տալ մարդկայնութիւն, կենսական առարկայութիւն, այդ վարդապետութիւնը դարյնելով կարելի ու իրականանալիք ծրագիր մը։''

Երիտասարդութեան համաշխարհային բացման տօնախմբութեան մասին անդրադառնալով մամուլը հիացումով կը գրէ որ բացման արարողութիւնը յաղթանակ մը եղաւ, քանի ներկայացումը գեղարուեսաական բնոյթ ունեցաւ եւ շատերէ գնահատուեցաւ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գիտցաւ երիտասարդներուն հաղորդել իր կենսունակութիւնը եւ ուժականութիւնը։ Քահանայապետ մը որու վրայ կրնաս վստահիլ եւ ընդառաջել անոր պահանջկոտ խնդրանքներուն։ Քահանայապետ մը որ կը ներկայացնէ Եկեղեցի մը արմատացած այսօրուայ երիտասարդներու սրտին մէջ։










All the contents on this site are copyrighted ©.