2013-07-26 12:49:11

Րիօ 2013-Երիտասարդները Յիսուսի Խաչի Ճանապարհի Վրայ


Հռոմի ժամով, երեկոյեան ժամը 10.00 ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հոլովաթիռով կը հասնի Գոբաքապանայի ծովափին մօտերը։ Ապա ինքնաշարժով շրջապտոյտ մը կը կատարէ ողջունելու համար հաւատացեալները։

Գոբաքապանայի ծովուն կից գտնուող ''Աթլանթիք'' կոչուած ճանապարհին վրայ, աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած եիտասարդները պիտի վերապրին, Յիսուսի կրած տառապանքները Գողգոթայի ճամբուն վրայ ։
Ճանապարհ խաչի 14 կայաններէն 13 կայանները զետեղուած են 900 մեթր Աթլանթիք կոչուած ուղղիին վրայ ։Իսկ 14 րդ ու վերջին կայանը, զետեղուած է կեդրոնական բեմին վրայ։
Նշենք թէ կեդրոնական բեմը իրագործուած է արուէստագէտ Ապէլ Կոմէսի ջանքերով։ Ան ներշնչուած է Րիոյի լեռներէն, որոնք անհաւասար են մէկը միւսէն։Ապէլ Կոմէս իր այս գեղեցիկ գործը որակած է ''4000 մեթր քառակուսի տարածքի վրայ քանդակուոած աշխատանք ''։

Ճանապարհ խաչի բարեպաշտութեան ներկայացումին գեղարուէստական բաժնի տնօրէն Պր Ուլիսսէս Քրուզ, յայտարարութեան մը ընթացքին յայտնած է ''14 կայաններուն բեմադրութիւնը ներշնչուած է 16-րդ դարու թափօրի բարեպաշտութեան աւանդութենէն։ Ճանապարհ խաչի խորհրդածութիւնները , աղօթքները կ՛ընդգրկեն այժմէական հարցեր, ինչպէս թմրամոլութիւնը, հիւնադութիւնը եւ զանազան այլ նիւթեր։

Սրբազան Քահանայապետը Ճանապարհ խաչի ջերմեռանդական աղօթքին կը հետեւի կեդրոնական բեմէն, շրջապատուած 1500 անձերէ որոնցմէ շատերը հաշմանդամ են։

Ճանապարհ խաչի Իւրաքանչիւր կայան կը քննարկէ երիտասարդներու հարցադրանքեր հայող` կեանքի այժմէականութեան ինչպէս` Վերակրթական կեդրոնէն դուրս եկած երիտասարդի մը պարագան. Դարձի եկած երիտասարդի մը պարագան. Կրօնաւորուհի մը որ կը պայքարի վիժումի դէմ եւ կը վերանորոգէ իր Այոն կեանքի ի նպաստ. Սիրահարուած զոյգ մը.
Ընկերային ցանցերու անդամ Երիտասարդի մը հարցադրանքը։
Բանտարկեալի մը հարցադրանքը եւ ապա խուլ երիտասարդի մը հարցադրանքը հուսկ աշխարհի զանազան ցամաքամասերէ ժամանած երիտասարդնլրու հարցադրանքներ։

Գեղարուստական բաժնի տնօրէն Պր Րավէլ Քապրալ
Յայտնեց . Ճանապարհ խաչի բարեպաշտութիւնը ներշնչուած է
Երկխօսութիւն կատարելու համար երիտասարդներուն հետ։
Ի՞նչ ձեւով քրիստոսի տառապանքի ճանապարհը գրաւական է երիտասարդներուն իրենց ապրած այժմէական հարցերով։
Ընծայել անոնց ուղի մը զորս կը հրաւիրէ երիտասարդները ոչ միայն ոգեկոչելու իրենց հարցերը այլեւ քաջալերել զանոնք ընդգրկելու հաստատ Քրիստոնէական քայլեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.