2013-07-26 11:21:40

Խոստովանանքի Խորհուրդհը Րիոյի Պարտէզներուն Մէջ


Երիտասարդներու համաշխարային օրուայ առթիւ 23 էն 28 յուլիս, Րիոյի ,''Քուինդա Տա Պոա Վիսդա'' կոչուած պարտէզին մէջ, մօտաւորապէս 50 խոստովարաններ զետեղուած են։ Ըստ կազմակերպիչներուն տուած վկայութեան 10,000 էն 15000 երիտասարդներուն, հերթաբար կը մատակարարուի խստովանանքի խորհուրդը ։

Խոստովարանները շինուած են ճերմակ փայտէ եւ անոնց կառոյցի ձեւը կը վկայակոչէ Րիոյի Գորգովատօ կոչուած բլուրները որուն մէկին վրայ կանգնած է Պրազիլի խորհրդանշող ''Քրիստոս Փրկիչ'' աշխարհահռչակ արձանը։

Ուրբաթ 26 յուլիսի առաւօտեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը ժամանէ Քուինդա Տա Պոա Վիսդա պարտէզը եւ խոստովանանքի խորհուրդը կը մատակարարէ հինգ երիտասարդներու Փորթուկերէն, Իտալերէն եւ Սպաներէն լեզուներով։







All the contents on this site are copyrighted ©.