2013-07-25 09:57:26

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ցաւը Ի Լուր Սպանիայի Մէջ Պատահած Շոգեկառքի Արկածին։


Ի լուր Սպանիայի մէջ պատահած երկաթուղիի արկածին որ 56 մեռեալ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ պատճառեց, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին` Րիոյի մէջ մամլոյ հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին յայտնեց որ Սրբազան Քահանայապետը կը միանայ զոհերու ընտանեկան պարագաներու ցաւին եւ կը խնդրէ աղօթել բոլոր զոհերուն համար։ Հայր Լոմպարտին մամլոյս ասուլիսի ընթացքին ներկաներէն խնդրեց պահ մը լռութիւն պահել ի յարգանս զոհերուն։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ արկածը պատահեցաւ 24 յուլիսի յետմիջօրէին Գոմբոսդելլայի Սուրբ Յակոբոս սրբավայրի մօտերը։ Շոգերկարքի արկածին պատճառը հաւանաբար արագութիւնը եղած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.