2013-07-25 11:56:26

Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Ստեղծման Շուրջ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Բանակցութիւնները Աւարտեցան


Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստան երէկ բարեյաջող կերպով աւարտեցին Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման շուրջ բանակցութիւնները:
Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծումը, որ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Ընկերակցութեան համաձայնագիրին մաս կը կազմէ, Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ պիտի ստեղծէ առեւտրական յարաբերութիւններու նոր շրջանակ մը, որ պիտի սերտացնէ Հայաստանի տնտեսական համարկումը Եւրոպական Միութեան հետ` հայկական ապրանքներու համար ճամբայ հարթելով դէպի եւրոպական շուկայ, ինչպէս նաեւ հայկական շուկան բանալով եւրոպական ապրանքներուն համար:
Անկախ փորձագիտական գնահատականներով, ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծումը դրականօրէն պիտի անդրադառնայ Հայաստանի տնտեսական աճին վրայ` տարեկան յաւելեալ 146 միլիոն եւրոյի եկամուտ ապահովելով հայկական կողմին համար: Կ՛ակնկալուի, որ հայկական շուկայի ազատականացումը եւրոպացի գործընկերներուն համար նոյնպէս եկամուտներ պիտի ապահովէ` տարեկան մինչեւ 74 միլիոն եւրօ:
Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի մեծագոյն տնտեսական գործընկերն է: Եւրոպական Միութեան երկիրներուն հետ առեւտուրը Հայաստանի առեւտրաշրջանառութեան մինչեւ 32 առ հարիւրը կը կազմէ եւ 2012 թուականին երկկողմանի առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը կը կազմէ 951 միլիոն եւրօ:







All the contents on this site are copyrighted ©.