2013-07-24 16:41:14

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Քարոզը Աբարեսիտայի Մարեմեան Սրբավայրին մէջ։


ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի 24 յուլիսին ուխտագնացութիւնը կատարեց Պրազիլի Աբարեսիտայի Սրբավայրը ուր կը գտնուի Տիարմօր հրաշագործ սրբապատկերը։

Սրբավայրին մէջ մատուցած ս. պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

''Ինչ ուրախութիւն է գալ Տիրամօր տունը, ամէն մէկ պրազիլցիի տունը։ Իմ Քահանայապետ ընտրուելուս եկրորդ օրը, որպէս Հռոմի եպիսկոպոս, այցելեցի Հռոմի Տիարմօր աւագ պազիլիքան իմ նոր առաքելութիւնս յանձնելու Աստուածամօր։
Այսօր հոս եկած եմ ս. Կոյս Մարիամէն խնդրելու որ արդիւնաբեր դարձնէ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը, ու իր հովանիին տակ առնէ Պրազիլի ու Լատինամերիկայի ժողովուրդը։
Նորին Սրբութիւնը վերյիշեց լատինա ամերկայի եպիսկոպոսական համահաւքը ու այդ առթիւ հրատարակուած ''Աբարեսիտայի Թղթածրարը''։ Ան ապա ըսաւ`
Եկեղեցին երբ Քրիստոսը կը փնտռէ Տիրամօր դուռը կը բախէ եւ Իրմէ կը խնդրէ. ''Յիսուսը ցոյց տուր''։Ան իր Միածին Որդին սիրեց ու դաստիարակեց, որպէսզի բոլորիս` Աստուծոյ ժողովուրդի հովիւներուն, ծնողներուն, դաստիարակիչներուն, օգնէ` արժէքները փոխանցելու նոր սերունդին որպէսզի օր մը իրենց կարգին ռահվիրաները դառան ազգերու եւ գործիչները աւելի արդար, զօրավիգ ու եղբայրասէր աշխարհի մը։ Այդ պատճառաւ ձեզմէ կը խնդրեմ որ ունենաք երեք պարզ կեցուածքներ` հաստատ մնալ յոյսի մէջ որովհետեւ Աստուած մեր կողքին կը քալէ։ Զարմանքով նայիլ Աստուծոյ մեզի վերապահած անակնկալներուն եւ ապրիլ ուրախութեան մէջ ։

Սիրեցեալ եղբայրներ մենք եկած ենք Տիրամօր տան դուռը բախելու։ Ան մեզի դուռը բացաւ, ներս առաւ եւ մեզի ցոյց կու տայ իր Որդին ։ Ան այժմ մեզմէ կը խնդրէ ''Ըրէք այն ինչ որ հրամայէ ձեզի''։ Այո, Մայր մեր, մենք յանձնառու ենք ընելու ինչ որ Յիսուս կ՛ըսէ մեզի։ Եւ զայն պիտի կատարենք յոյսով, Աստուծոյ անակնկալներու վրայ վստահելով եւ լի ուրախութեամբ։ Ամէն։ Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակելով։


Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը ուխտագնացութեան ընթացքին յատուկէն աղօթեց Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը յանձնելով Անոր հովանիին։ Իր աղօթքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ի մէջ այլոց ըսաւ`
Մայր Աբարեսիտա, քեզի նման, ես ալ այսօր կը գտնուիմ քու եւ Աստուծոյ առջեւ, որ մեզի կը յանձնէ, կեանքի առաքելութիւն մը որ մեզի համար անծանօթ է....սակայն քու հաւատքիդ շնորհիւ որով ''Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ'', Դուն` ով Մայր, չի տատամսեցար, ես եւս չեմ կրնար տատամսիլ։
Այսպէս, քեզի նման կ'ընգրկեմ առաքելութիւնս եւ քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ իմ կեանքս։ Ընթանանք` Դուն Մայր, ես որդի, միասնաբար քալենք, միասնաբար հաւատանք, միասնաբար պայքարինք ու միասնաբար յաղթենք։ Այնպէս ինչպէս միշտ ընթացար քու Որդւոյդ հետ միասին ...։
Մայր Աբարեսիտա, քու ձեռքերուդ մէջ կը դնեմ Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրը։ Որքան ոյժ, որքան կեանք....։ Ընդունէ միշտ քու ուխտաւոր զաւակներդ, եղիր միշտ նեցուկ եւ ընկերացիր հաւատացեալներու ընտանիքի առաքելութեան մանաւանդ երբ խաչը ծանրաբեր դառնայ։ Նեցուկ եղիր մեր յոյսին, ու մեր հաւատքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.