2013-07-24 10:29:51

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի 24 Յուլիսի Գործունէութիւնը։


Րիօ Տէ Ժանէյրօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը չորեքշաբթի 24 յուլիսին կը նախատեսէ ֆրանչիկսոս Քահանայապետի այցը աշխարհահռչակ ''Աբարէսիտայի'' Մարեմեան Սրբավայրին որ Րիոյէն 240 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ ուր Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պատարագի Զոհը պիտի մատուցէ։ Մինչ յետ միջօրէին ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն կը կատարէ Աստուածային նախախնամութեան Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի անուան հիւանդանոցը որ կը զբաղի թմրամոլութեան ախտի հիւանդներու խնամակալութեամբ։

Զորեքշաբթի 24 յուլիսի առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը իքնաշարժով կ՛ուղղուի Սանդոս Տիւմոն օդակայան ապա օդանաւով կ՛ուղղուի դէպի Աբարէսիտայի Տիրամօր Սրբավայրը ուր կը հասնի ժամը 10-ին (Հռոմի ժամով 15,00)։ Աբարեսիտայի Տիրամօր Պազիլիքային առջեւ Սրբազան Հայրը կը դիմաւորէ Պազիլիքայի Րէկտոր` Հայր Տոմինկոս Սավիօ ու միասին կ՛ընթանան Սրբավայրի երկրորդ յարկը ուր կը գտնուի Աբարէսիտայի Տիրամօր սրբապատկերը որուն առջեւ Նորին Սրբութիւնը պահ մը կ՛աղօթէ ու ապա կ՛ուղղուի աւանդատուն։

Ժամը 10,30-ին (15,30-ին Հռոմի ժամով) սկիզբ կ՛առնէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորած Սուրբ Պատարագը որուն աւարտին Սրբազան Հայրը կը փոխադրուի ''Պոմ Խէսուս'' նորընծայարան ու թեմական եպիսկոպոսներու եւ նորընծաներու հետ միասին կը բաժնեկցի եղբայրական ակաբը։

Պրազիլի ժամով 15,45-ին Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առնելով ''Պոմ Խէսուս - Բարի Յիսուս'' նորընծայարանէն կը վերադառնայ Րիօ Տէ Ժանէյրօ ուր կը ժամանէ 17,25-ին եւ կ՛ուղղուի դէպի '' Աստուածային նախախնամութեան Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի անուան հիւանդանոցը'' ուր զինք կը դիմաւորեն Րիոյի Արքեպիսկոպոսը եւ Հիւանդանոցի տնօրէնը եւ ուր տեղի կ՛ունենայ Սրբազան Քահանայապետի ի պատիւ պատրաստուած ընդունելութեան արարողութիւն որուն ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապը Ճառ մը կ՛ուղղէ ներկաներուն։ Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը կ՛ օրհնէ ''հիւանդանոցի նոր շէնքի յուշատախտակ մը'' ու ապա կը փոխադրուի Սումարէի բնակարան։








All the contents on this site are copyrighted ©.