2013-07-24 10:55:13

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ
Շիշերը Մարդոց Կը Նմանի՞ն:


Շիշագործութիւնը ապակեգործութեան արհեստին մէջ երբեմն արուեստի մակարդակ կը նուաճէ, երբ սովորական հեղուկ ամբարելու իր նպատակէն տարբեր, շիշեր կը պատրաստուին իբրեւ զարդ, մանաւանդ երբ զայն պատրաստող անձը, խմորային վիճակի մէջ եղող ապակիին տարբեր ձեւեր կու տայ, յատուկ օդափողով փչելով այդ տաք խմորին մէջ: Տեսնուած են իրարու հիւսուած շիշեր, մէկը միւսին մէջ դրուած եւ իրարմէ անանջատելի շիշեր, որոնց երկուքն ալ օգտագործելի են: Տակաւին կան երկար բարակ ու նեղ վիզով շիշեր, բարձր ձօղունով ծաղիկներ խնամելու, կամ պահեստի այլ հեղուկներ պահպանելու նպատակով պատրաստուած: Հիմա, երբ ապակեգործութեան մեքենաները եւ պատրաստուելիք գոյքերը ձեւաւորող գործիքները այնքան արդիականացած են, որ թերեւս շատ սովորական թուին յիշեալ շիշերու տեսակները կամ ձեւերը, եւ կամ ապակիով պատրաստուած տարբեր տեսակի իրերը: Սակայն, միշտ ալ ձեռքով պատրաստուած շիշերը աւելի արժէքաւոր ու գնահատելի կը մնան, քան՝ մեքենաներով պատրաստուածները: Այս յօդուածին գրառման պատճառը պարզ խորհրդածութիւն է, շիշերու եւ մարդոց նմանութենէն ներշնչուած:
Շիշերն ալ մարդոց կը նմանին:
Ճիշդ է, անոնք ձեռքեր ու ոտքեր չունին:
Ինչպէս որ այսօր ՜՜ խեղանդամներուն՝՝ կատարեալ ֆիզիքականով մարդու արժէք կը տրուի: Նոյնպէս ալ շիշերը, առանց ձեռքեր ու ոտքեր ունենալու, իրենց «սիրտ»ին մէջ տարբեր նիւթեր ամբարելու կարողականութեամբ եւ մանաւանդ բերանով, կրնան նմանութիւնը ըլլալ մարդ էակին:
Երբեմն բուրումնաւէտ օծանելիքներով լեցուն շիշերուն կափարիչը փակ ըլլալուն պատճառաւ, բնաւ չենք առներ անոնց անուշ բոյրը, նման այն մարդոց, որոնք շատ իմաստուն կրնան ըլլալ, սակայն անոնց լուռ մնալուն պատճառաւ բնա՛ւ չենք կրնար օգտուիլ անոնց գիտութենէն ու փորձառութենէն:
Կամ, ճիշդ հակառակը, երբ մաքրութեան յատուկ հականեխեչ հեղուկներով լեցուն շիշերուն կափարիչը բաց մոռցուած ըլլայ, ամբողջ մթնոլորտին մէջ կը տարածուի անոր անհաճոյ հոտը: Մինչդեռ եթէ անոր բերանը փակուէր, բնա՛ւ դուրս պիտի չգար անոր գարշահոտութիւնը: Նոյնպէս ալ այն մարդիկը, որոնք հայհոյալից լեզուով ուրիշներուն դիմելու, կամ իրենց նմանները վիրաւորական խօսքերով կշտամբելու վատ սովորութիւնը ունին, եթէ իրենց բերանները փակեն, ո՛չ ոք պիտի իմանայ իրենց տմարդի ու յարձակողապաշտ բնութիւնը:
Ամէնէն աւելի, սակայն, երկար ու նեղ վիզով շիշերուն ունեցած նմանութիւնը եւ բաղդատականը հետաքրքրական է, ամբարտաւանութեամբ սնող մարդոց հետ: Մարմինը աճեցնելու նման, ոմանք իրենց հոգին կ՛աճեցնեն սնկային այնպիսի հիւանդութեամբ, որ նաեւ վարակիչ կը դառնայ շրջապատին մէջ: Մէկուն ամբարտաւանութեան օրինակը, հեշտութեամբ կ՛ընդօրինակուի ուրիշներու կողմէ, երբ շուտով յառաջդիմելու, հեղինակութիւն ձեռք բերելու եւ «մեծ» դառնալու հնարաւորութիւն տեսնուի հորիզոնին վրայ: Մանկապարտէզի երեխան ամբարտաւանութեամբ կը սնի, երբ իր վարժուհին ամբարտաւան է: Տգէտ ու ամբարտաւան մօր ծնած աղջիկը՝ աւելի՛ ամբարտաւան կը դառնայ, քան՝ իր մայրը:
Փորձաքարը, այս պարագային, ձուլուած օրինակին՝ վերջին տիպարին պաշտօն յանձնելն է: Անիկա շուտով պիտի գերազանցէ սկզբնատիպը, եւ ո՛չ միայն կապկէ զայն, այլ վատագոյն յաւելուածները յօրինէ: Օրինակ, եթէ սկզբնատիպը վատ վերաբերում ունէր իրեն ենթակայ անձերուն հետ, նորագոյն ձուլուածը կը ստրկացնէ իր տրամադրութեան տակ գտնուողները: Մանուկին վատ օրինակ հանդիսանալը, հաւասար է անոր ձեռքը զէնք տալուն: Անիկա չի՛ գիտեր թէ սպանութիւնը վատ արարք է: Գնդացիրը աջ ու ձախ պտտցնելէն եւ կրակելէն հաճոյք կը ստանայ անիկա, արիւնահեղութիւնը քաջագործութեան, եւ ոճիրը՝ հերոսութեան հետ շփոթելով: Ասիկա ամբարտաւանութեան ծնունդներուն ամէնէն սոսկալին է, երբ ուրիշին վիշտը քեզի համար ուրախութիւն սեպուի:
Ուրեմն, այս «շիշեր»ը ի՞նչ ընել:
Եթէ համաձայնէին զարդարել տան մէկ անկիւնը, գէթ ծաղկաման իբրեւ, գոհացած պիտի ըլլայինք: Այսինքն՝ ինքնաճանաչողութեամբ ամուր փակէին իրենց բերանները, եւ լուռ մնային: Ինչքա՜ն նախընտրելի պիտի ըլլար մինչեւ անգամ լայն բերանով պահածոյի շիշ ըլլալ՝ համեստ ծառայութեամբ մարդ, քան՝ բարակ ու երկար վիզով, նոյնիսկ թանկարժէք ոգելից ըմպելիի գեղակերտ շիշ, որուն ծառայութիւնը քիչ է, իսկ աղմուկը՝ շատ:
Քաղուած՝ ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆի Խորհրդածութենէն







All the contents on this site are copyrighted ©.