2013-07-24 12:23:41

Հալէպէն Լիբանան Ուղղուող 2 Պասերու Վրայ Յարձակում. Հայ Զոհ Մը Եւ Վիրաւորներ


23 յուլիսի երեկոյեան Հալէպէն Լիբանան ուղղուող պասը անյայտ անձերու կողմէ յարձակման ենթարկուած է: Յարձակումը գործուած է Հալէպէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Նախ պասին ուղղութեամբ հրթիռ արձակուած է, ապա գործի անցած են արձակազէնները. իբրեւ հետեւանք զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են: Մահացած է Թամար Սերուրեան, որ երկու զաւակներու մայր էր: Նշուած է, որ առնուազն 15 հալէպահայեր վիրաւորուած են եւ տեղափոխուած քաղաքի տարբեր երեք հիւանդանոցներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.