2013-07-24 12:55:17

Աբարէսիտայի Տիրամօր Յայտնաբերումը


Աբարեսիտայի Տիրամօր յայտնաբերումի պատմութիւնը սկիզբ առաւ 1717 թուկանին։
Ասամարի իշխան եւ Սան Բաօլոյի կառավարիչ՝ Տօն Բէտրօ Տի Ալէմէյտա, Ճամբորդութեան մը ընթացքին դէպի Վիլա Րիքա, կանք առաւ կուարանդինկուէթայի գիւղին մէջ։Այս առթիւ, երեք ձկնորսներու հրահանգուեցաւ ձուկ հայթայթել ընթրիք սարքելու ի պատիւ Սան Բաօլոյի կառավարիչին ։
Տոմինկոս, ֆիլիբ եւ Ալվէս երեք ձկնորսները մեկնեցան դէպի Բարաիպա կոչուած գետը։ Քանի մը անյաջող փորձեր կատարելէ ետք, արձակեցին իրենց ուռկանները Բորդօ Իդակուասու գետին մէջ։
Ալվէս իր ուռկանը բարձրացնելու ժամանակ առանց գլուխի Տիրամօր արձանիկ մը գտաւ իր ցանցին մը ։ Դարձեալ նետեց իր ուռկանը գետին մէջ, եւ դուրս եկաւ արձանին մնացած բաժինը. Տիրամօր գլուխը։
Ձկնորսները ուրախութեամբ եւ յոյսով լի՝ դարձեալ նետեցին իրենց ուռկանները գետին մէջ եւ դուրս բերին իրենց ցանցերը ձուկերով լեցուն։
15 տարիներ շարունակ , Տիրամօր այդ փոքր արձանը մնաց ֆիլիբին տան մէջ։
Այսպէս սկիզբ առաւ Տիրամօր արձանին բարեպաշտութիւնը տարիներու ընթացքին։ Ըստ հաւատացեալներուն վկայութեան, հարիւրաւոր մարդիկ զանազան շնորհքներ ստացած են Տիրամօր արձանէն։
Բարեպաշտութիւն մը որ ընթացք առաւ համայն Պրազիլի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երրորդ քահանայապետն է որ կ՛այցելէ Աբարեսիտայի Տիրամօր Սրբավայրը, արադարեւ ՅՊԲ երջանկայիշատակ քահանյապետը, Յուլիս 1980- ի յուլիսին Պրազիլ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ուխտագնացութիւն կատարած էր Տիրամօր սրբավայրին,
նոյնը կատարած էր նաեւ Պենեկտիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը մայիս 2007 ին եւ 2013-ին ֆրանչիսկոս Պապը եւս ուզեց իր բարեպաշտութիւն յայտնել Տիրամօր անոր նուիրագործելով իրեն քահանայապետութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.