2013-07-23 11:55:23

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Լրագրողներուն Հետ Ունեցած Հանդիպումին Ընթացքին Դատապարտած է ''Մերժումի Մշակոյթը''։


''Երիտասարդներուն կից տարիքոտ մարդիկը ժողովուրդին ապագան են։''

Պրազիլ տանող օդանաւին մէջ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մէկ ժամուայ հանդիպում ունեցաւ, իր հետ ճամբորդող 70 լրագրողներուն հետ եւ անոնցմէ խնդրեց որ հետը համագործակցին ընկերութեան բարիքին համար։Ան ցաւով յայտնեց որ ներկայ ընկերութիւնը ոչ միայն կը մերժէ տարիքոտները այլ եւ երիտասարդները, որոնք կը կազմեն ընկերութեան ապագան։ Ան բաղձանք յայտնեց որ , անոնցմէ ոչ մէկը մէկդի դրուի, դատապարտելով ''մերժումի մշակոյթը''։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը անոնց ըսաւ Ռիօ կ'ուղղուիմ հանդիպում ունենալու աշխարհի չորս ծագերէն եկած երիտասարդներուն հետ։
Յայտնենք որ Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրուայ կազմակերպիչները կը յուսան որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութիւնը Պրազիլ` որպէս խարիզմադիկ մարդ եւ որպէս լատինամերկացի նոր կենսունակութիւն տայ Պրազիլի եւ համայն լատինամերիկայի ցամաքամասի հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.