2013-07-23 12:15:03

Րիօ 2013-ի Յիշատակի Մետալի Ներկայացումը։


Երեքշաբթի 23 յուլիսի առաւօտեան Րիոյի մէջ տեղի կ՛ունենայ Րիոյի 2013-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ առթիւ Քահանայապետի Պրազիլ ճամբորդութիւնը յիշատակող պաշտօնական մետալի ներակայացումը, Գորգովատոյի ''Քրիստոս Փրկիչ'' արձանի ոտքին։ Վերոյիշեալ նախաձեռնութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն որ այս առթիւ նաեւ ճառ մը կ՛ուղղէ ներկաներուն։
Մետալին մէկ կողմը ներկայացուած է ֆրանչիսկոս Պապը, ժպտուն երեսով որ կ՛արտայատէ անոր մօտիկութիւնը ժողովուրդին, մինչ միւս կողմը ներկայացուած են Րիօյի Սաօ Սեպասդիաօ աթոռանիստ եկեղեցին եւ Աբարեսիտայի Տիամօր Պազիլիքան որոնք կը յատկանշեն երկու քաղաքաները զոր կ՛ընդունին ֆրանչիսկոս Պապը իր այս առաքելական առաջին ճամբորդութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.