2013-07-23 12:15:13

Հաւատքի Տարւոյն Մէջ Մնանք


Մեր հաւատքը կը գտնենք մեր ամէնօրեայ ջերմեռանդութեան մէջ: Եկեղեցի, աղօթք, խորհուրդներ, տուն, դպրոց եւ այլ տեղեր, սակայն եկեղեցին կը մնայ մեր հաւատքի կեդրոնը ուր մեր սրտին մէջ կ'աճին սէրը եւ յանձնումը Աստուծոյ կամքին:
Եկեղեցի գալով՝ կ'ուզենք այս նոր տարին Տիրոջ վստահիլ: Իրեն կ'աղօթենք մեր բոլոր սիրելիներուն համար եւ անոնց որոնք նուազ սիրեցինք: Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ այս օրը դառնալու դէպի Տէրը եւ իր Մօրը՝ Կոյս Մարիամը:
Աշխարհի մը մէջ ուր ամէն բան արագ կ'ընթանայ, հարկ է ժամանակ առնել եւ խորհիլ մեր կեանքի ու աշխարհի դէպ-քերուն վրայ: Կեանքի փորձանքներու՝ հիւանդութեան, պատերազմներու եւ բնական աղէտներու դիմաց կրնանք պարտուողականութեան եւ անժպտութեան մատնուիլ, մինչդեռ պէտք է քաջասրտութիւն ցուցնենք անձնական, ընկերային եւ հոգեւոր գետնի վրայ:
Անցեալ 17 Հոկտեմբերին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը 2012-2013 տարին հռչակեց Հաւատքի Տարին, հրաւէր մը իսկական եւ վերանորոգուած դարձի մը դէպի Յիսուս՝ Միակ Փրկիչը այս աշ-խարհին:
Ան կը խօսի ,բացե դրան մը մասին, նշելով թէ զայն անցնիլը ամբողջ կեանք մը կը դրդէ: ,Հաւատքի դուռըե մեզ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ կը դնէ եւ դուռ մը կը թողու իր Եկեղեցւոյ մէջ՝ միշտ բաց մեզի համար: Կարելի է զայն անցնիլ երբ, ունկնդրելով Աստուծոյ խօսքը, կ'արտօնենք որ մեր սրտերը ձեւ առնեն Անոր շնորհքով: Այս դուռը անցնիլ կը նշանակէ Տիրոջ ճամբէն ընթանալ ամբողջ կեանքին ընթացքին:
Արդի դարու մարդը կարիքը կրնայ զգալ երթալու դէպի աղբիւրը՝ ունկնդրելու եւ քաղելու համար անկէ կենդանի ջուրը:
Հաւատքը՝ էութեան վստահ եւ ազատ կապ մըն է Յիսուս Քրիստոսի անձին, ճշմարիտ Աստուած եւ ճշմարիտ մարդ՝ աշխարհ եկած մեր փրկութեան համար: Մշտական յանձնառութիւն մըն է՝ ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, կրօնական եւ մարդասիրական գետնի վրայ, յանձնառութիւն մը հիմնուած քրիստոնեայ անշրջանցելի արժէքներու վրայ որոնք սէր, զօրակցութիւն, ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն կը ներշնչեն:
Յանձնառութիւն մըն է ի սպաս տառապողներուն. որ կր պայքարի մարդկային արժանապատուութեան յարգանքին եւ ինչքերու արդար բաժանումին մարդոց միջեւ :
Կը փափաքէի եզրափակել մէջբերելով Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին խօսքը. ,Հաւատացեալներու կեանքի վկայութիւնը թող մեծնայ հաւատալիութեամբ. քրիստոնեան երբեք չի կրնար մտածել թէ հաւատքը զուտ անձնական իրողութիւն մըն է : Հաւատքը կր պահանջէ ընկերային պատասխանատուութիւն հաւատացուածին վերաբերեալ: Անձնական եւ միաժամանակ ընկերային արարք մըն է :







All the contents on this site are copyrighted ©.