2013-07-23 12:39:36

380 Լիբանանցիներ Կը Մասնակցին Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերուն


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկուշաբթի, 22 յուլիս 2013-ին կը սպասուէր Ռիօ՝ բացումը կատարելու համար Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերուն (ԵՀՕ), որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 28 յուլիս:

Ընդառաջելով Բենեդիկտոս ԺԶ.ի հրաւէրին, ԵՀՕ-ին կը մասնակցին նաեւ 380 լիբանանցիներ, որոնց շարքին՝ Հայ կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան նախկին ատենապետուհի Մարալ Աթէշեան:

Երիտասարդութեան , բայց նաե՛ւ Հաւատքի այս մեծ տօնախմբութիւնը Ռիոյի մէջ պիտի համախմբէ շուրջ երկու միլիոն երիտասարտներ, որոնք պիտի գան առաւելաբար լատինական Ամերիկայէն:

Միջին Արեւելքի երիտասարդները եւս անմասն պիտի չմնան այս աւանդական տօնախմբութենէն, որ հաստատուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին կողմէ եւ տեղի կ'ունենայ երկու տարին անգամ մը աշխարհի մայրաքաղաքներէն մէկուն մէջ:

Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն եկած մասնակիցներու շարքին պիտի գտնուին 168 երիտասարդներ Իրաքէն, 120՝ Երուսաղէմէն, 60՝ Եգիպտոսէն, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն եւ Յորդանանէն:

ԵՀՕ յայտագիրը բազմազան է, սակայն անոր ամէնէն յուզիչ պահը պիտի հանդիսանայ շաբաթ գիշերուան հսկումը Սրբազան Քահանայապետին հետ՝ աղօթքի եւ խորհրդածութեան մթնոլորտի մը ներքեւ, ապա յաջորդ օրուան բացօդեայ սբ. Պատարագը:

Մինչ այդ, ամէն առտու տեղի պիտի ունենան քրիստոնէականի պահեր՝ եպիսկոպոսներու առաջնորդութեամբ:

Օրուան մնացեալ ժամերուն նախատեսուած են գեղարուեստական յայտագիրներ՝ համերգներ, ցուցահանդէսներ, ժողովրդական պար, թատրոն, շարժանկար, քայլարշաւ, այցելութիւն եկեղեցիներ, յուշակոթողներ , թանգարաններ եւ պատմական վայրեր:

Աշխարհի բոլոր կողմերէն Ռիօ ժամանած դէտեր եւ լրագրողներ անհամբերութեամբ կը սպասեն Ֆրանչիսկոս Պապի հակազդեցութեան շուրջ երկու միլիոն երիտասարդ ուխտաւորներու դիմաց, որոնք մեծ մասամբ լատին ամերիկացիներ ըլլալով՝ մինչեւ իր ընտրութիւնը որպէս սբ. Պետրոսի յաջորդ , զինք ճանչցած են իբրեւ իրենց առաջնորդը:
Ինչպէս ըսած է ԵՀՕ վեթերան մասնակիցներէն մէկը, երիտասարդները աւելի զօրացած հաւատքով դուրս պիտի գան այս տօնախմբութենէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.