2013-07-22 10:27:01

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Կիրակնօրեայ ''Հրեշտակ Տեառն'' Մարեմեան Աղօթքը:


''Նորին Սրբութիւնը Կը Հրաւիրէ Հաւատացեալները Բնաւ Չ՛անջատել Աղօթքը Եղբայրօգնութենէն ։ ''

Կիրակի` 21 յուլիս, Պրազիլի առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Սրբազան Քահանայապետը կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց հրաւիրելով հաւատացեալները բնաւ չ՜անջատել աղօթքը եղբայրսիրական ներգործութիւններէն։ Անգամ մը եւս աղօթք խնդրեց Պրազիլ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար, գլխաւորելու Ռիօ տէ Ժանէյրոյի Երիտասարդութեան համաշխարհային 28-րդ օրը։
Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց օրուան Աւետարանը, ուր Մարթա ու Մարեամ քոյրերը Յիսուսը իրենց տան մէջ կը հիւընկալեն։Մէկը կը նուիրուի տան սպասարկութեան իսկ երկրորդը հիւրին հետ խօսակցելու։ Տիրոջ խօսքին անսալը եւ մերձաւորին դրական սպասարկութիւն կատարելը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, իրարզիրար հակասող կեցուածքներ չեն, բաղձալի է որ աղօթքը եւ ներգործութիւնը սերտօրեն միացած ըլլան։ Աղօթք մը որ ուղղակիօրէն չառաջնորդեր աղքատին, հիւանդին կամ անկարին եղբայրօգնութեան. ընդգծեց Սրբազան Հայրը, անպտուղ է եւ անկատար։ Նոյնպէս` մատնանշեց, երբ եկեղեցական մեր սպասարկութիւնը կը կեդրոնանայ իրի, երեւոյթի ու կառոյցի վրայ եւ կը մոռնանք Քրիստոսի կեդրոնականութիւնը, մեր սպասարկութիւնը կը դառնայ լոկ ինքնագոհացում եւ ոչ Աստուծոյ ծառայութիւն, որ ներկայ է մեր մերձաւորին մէջ։
Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթքով ընկերանալու իր առաքելական ճամբորդութեան` Երիտասարդներու համաշխարհային 28-րդ օրուան յաջողութեան համար։ Ան ուղղակիօրէն խօսք մը ուղղեց ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած երիտասարդներուն, որոնք իրենց բարձրացուցած պաստարի վրայ գրած էին ''բարի ճամբորութիւն'', մաղթելով որ այս շաբաթը դառնայ իրապէս ''երիտասարդութեան շաբաթ''։
Բոլոր անոնք որ Ռիօ գացին կ'ուզեն լսել Յիսուսի ձայնը, անսացէք Յիսուսի ձայնին, եւ դուք ձեզի հարց տուէք ըսելով. ''Տէր, իմ կեանքովը ի՞նչ պէտք եմ ընել'' ,''ո՞ր ճանապարհի վրայ ընթանալու եմ''։
Հուսկ Սրբազան Հայրը իր աղօթքը ուղղեց Ս. Կոյս Մարիամին համար որպէսզի ներշնչէ աշխարհի երիտասարդները լաւ ընտրութիւն կատարելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.