2013-07-22 11:25:11

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Մեկնեցաւ Պրազիլ։


Այս տարի Լատինամերիկացի քահանայապետի մը կ՛իյնայ երիտասարդներու սրտին մէջ ամրապնդել հաւատքը, ներշնչել յոյսը, եւ զանոնք մղել առաքելութեան։

ֆրանչիսկոս Պապը մեծ խանդավառութեամբ ընկալեց իր նախօրդին` Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի թողած ժառանգութիւնը անոր տալով իւրայատուկ ուրոյն դրոշմ մը։

Երկուշաբթի 22 յուլիսի առաւօտեան սկիզբ առաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի առաքելական առաջին ճամբորդութիւնը դէպի Րիօ Տէ Ժանէյրօ ուր կազմակերպուած է ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը'' կարգախօսով` Երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրուայ համահաւաքը ։

Սրբազան Քահանայապետը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող թռիչքը, առաւօտեան 8,45-ին մեկնեցաւ Հռոմի ֆիումիչինօ օդակայանէն որուն Րիո Տէ Ժանէյրօյի ''Անթոնիօ Գարլոս Ժոպիմ'' օդակայան ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 16-ին (Իտալիոյ ժամով 21-ին)։

Րիոյ քաղաքը մեծ խանդավառութեամբ կը սպասէ լատինամերիկացի Քահանայապետ` ֆրանչիսկոսի ժամանումը։

Կազմակերպիչներու գնահատումով Րիօ ժամանած երիտասարդներու թիւը պիտի գերազանցէ 2 միլիոնը։

Կազմակերպչական մեքենան արդէն գործի լուծուած է. 60 հազար կամաւոր, 6500 լրագրող, 20 հազար ոստիկան։ Րիոյի օդակայանին մէջ մեծ պաստարի մը վրայ պատկերացուած է` Գորքովատոյի Քրիստոսի նման բազուկները լայն բացած կամաւոր մը ուր մեծ տառերով գրուած է ''բազկատարած քեզ կը սպասենք''։

Րիոյի օդակայան ժամանումին Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդունի Պրազիլի Նախագահ Տիկ Տիլմա Րուսսէֆը որ այս արթիւ Պրազիլ հրաւիրած է նաեւ Լատինամերկայի բոլոր երկիրներուն նախագահները։

Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետի ի պատիւ ''Բարի Գալուստի'' պաշտօնական արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Կուանապարայի կառավարական Պալատին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.