2013-07-22 21:04:21

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ժամանեց Պրազիլ։
Բարի Գալուստի Արարողութիւնը։


22 յուլիսի երեկոյեան ժամը 9-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի սաւառնակը, 12 ժամ թռիչքէ ետք, հասաւ Րիօ Տէ Ժանէյրօյի ''Անթոնիօ Գարլոս Ժոպիմ'' միջազգային օդակայան։

Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Պրազիլի Նախագահ` Տիկ Տիլմա Րուսսէֆը, Րիոյի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Օրանի Թէմբէսթա` Պրազիլի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` եւ Աբարէսիտայի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Րայմունտօ Տամաշէնօ Ասիզ, Րիոյի կառավարիչ Տիար Սէրժօ Գապրալ ֆիլյօ եւ Րիոյի Քաղաքապետ Տիար Էտուարտօ Բաէս ու այլ քաղաքական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Նորին Սրբութիւնը Պրազիլի նախագահին հետ հակիրճ հանդիպում մը ունենալէ ետք ինքնաշարժով ուղղուեցաւ Կուանապարայի կառավարական Պալատը, որ օդակայանէն 8 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ ուր տեղի ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետի ի պատիւ ''Բարի Գալուստի'' պաշտօնական արարողութիւնը։

Կուանապարայի Պալատ չի հասած, Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Րիոյի առաջնորդարան ուր ''Քահանայապետական ինքնաշարժով'' շարունակեց շրջապտոյտը, ողջունելով Րիոյի ճամբաներու վրայ զինք դիմաւորող հազարաւոր ուխտաւորներ։Հակառակ պաշտօնական յայտագիրի տուեալներուն ֆրանչիսկոս Պապը Կուանապարայի Պալատ փոխադրուցեաւ զինուորական հոլովաթիռով ուր բարի գալուստի արարողութիւնը սկիզբ առաւ գրեթէ մէկ ժամ ուշացումէ ետք։

Կուանապարայի Պալատ հասնելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Պարզիլի Նախագահ` Տիլմա Րուսսէֆը եւ Րիօ Նահանգի Կառավարիչը Տիար Գապրալ ֆիլյօ, Պրազիլի եւ Վատիկանի քայլերգներէն ետք Սրբազան Քահանայապետին` յանուն Պրազիլի Ժողովուրդին, Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Պրազիլի Նախագահ` Րուսսէֆ որմէ ետք ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն արտասանեց իր առաքելական ճամբորդութեան առաջին ճառը ու ապա տեղի ունեցաւ պատուիրակութիւններու ներկայացում հուսկ Սրբազան Քահանայապետի առանձնական հանդիպումներ ունեցաւ Պրազիլի Նախագահին ու անոր ընտանեկան պարագաներուն հետ, ինչպէս նաեւ Րիոյի Նահանգապետ Տիար Գապրալ ֆիլյօ եւ Րիոյի Քաղաքապետ Տիար Էտուարտօ Բաէսի հետ։

Պաշտօնական արարողութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն փոխադրուեցաւ Րիոյի Առաջնորդի Բնակարանը, Սումարէյի բլուրի վրայ որ կը գտնուի Րիոյի կեդրոնէն 7,5 քմ հեռաւորութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.