2013-07-22 10:02:03

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Աստուածամօր Հովանիին Յանձնեց Պրազիլի Առաքելական Ճամբորդութիւնը։


Շաբաթ 20 յուլիսի յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պրազիլ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին` անակնկալօրէն այցելեց Տիրամօր նուիրուած` Հռոմի Սանդա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան, Աստուածամօր հովանիին յանձնելու համար Պրազիլ կատարելիք առաքելական իր առաջին ճամբորդութիւնը ինչպէս նաեւ Անորմէ հայցելու պահպանել ''երիտասարդները որ համայն աշխարհէն համախմբուած են միասնաբար ապրելու երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը''։

Իր ընտրութենէն ասդին այս չորրորդ անգամն է որ ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ վերոյիշեալ Պազիլիքան։ Առաջին այցելութիւը կատարած էր, դարձեալ անակնկալօրէն, 14 մարտին` իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, ապա 4 մայիսին ուր նախագահեց Սուրբ Վարդարանի ջեռմերանդական աղօթքը, հուսկ 30 մայիսին եզրափակելու Սուրբ Հաղորդութեան աւանդական թափօրը։
Պրազիլի ճամբորդութեան ընթացքին 24 յուլիսին Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ ''Աբարէսիտայի'' Սրբավայրը իր քահանայապետութիւնը նուիրելու Սուրբ Կոյս Մարիամին։








All the contents on this site are copyrighted ©.