2013-07-22 12:35:36

Պատգամներու Փոխանակում ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Իտալիոյ Նախագահ Նաբոլիդանոյի Միջեւ` :


''Երիտասարդները Թող Ըլլան Յոյսի Վկաները։''

Իր առաքելական ճամբորդութեան առթիւ դէպի Ռիօ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը օդանաւէն հեռագիր մը ուղղեց Իտալիոյ նախագահ` Նաբոլիդանոյին, որուն մէջ կը գրէ. ''մինչ կը պատրաստուիմ ուղղուիլ դէպի Պրազիլ հանդիպում ունենալու աշխարհի չորս ծագերէն եկած երիտասարդներուն հետ եւ քաջալերելու զանոնք ըլլալու վկաները յոյսի եւ խաղաղութեան գործիչներ, ինծի հաճելի է իմ սիրալիր ողջոյնը ուղղել Ձեզի տիար նախագահ եւ բոլոր իտալացիներուն բոլորին մաղթելով անդորրութիւն եւ վստահութիւն ապագային մէջ։
Իտալիոյ նախագահը ի պատասխան հեռագիրին ընդգծեց. ''Ձեր նոր հովութեամբ, նոր սլացք մը տուիք երիտասարդներուն, վստահ եմ որ երիտասարդներու միտքերն ու սրտերը պիտի բանաք խանդավառութեամբ դիմագրաւելու աշխարհի մարտահրաւէրները, դիւրաբեկ ընկերութեան մը մէջ որ կը տուայտուի մշակութային ու նիւթական ծանր տագնապի մը մէջ։ Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրը երիտասարդներու համար բարեպատեհ առիթ մըն է փոխանակելու իրենց մշակոյթի ու բարքերու փորձառութիւնները երկխօսութեան ճամբով։ Յայտնենք որ իր այս ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Քահանապետը հեռագիրեր ուղղեց նաեւ Ալճերիոյ եւ Մորիդանիայի նախագահներուն աղօթելով անոնց ժողովուրդներուն եւ խնդրելով Աստուծոյ առատ օրհնութիւններ։







All the contents on this site are copyrighted ©.